ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՓԱՓԱՔԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ըսեն որ երջանկութիւնը նպատակ մը չէ՛, այլ երջանկութիւնը նպատակի մը հասնելու համար ճամբայ մը, միջոց մըն է. մարդ եթէ այդ ճամբուն վրայ երջանիկ է՝ կը դիւրանայ իր ընթացքը դէպի նպատակ։ Արդարեւ, երջանկութիւնը, ապրուած պա՛հն է, որ մարդս կը զօրացնէ, ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ եւ դրական տրամադրութիւն մը կը ստեղծէ։