Հոգե-մտաւոր

ՏԻՐ՝ ԴՊՐՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տիրը դպրութեան, պերճախօսութեան, գիտութիւններու եւ արուեստներու աստուածն է հին հայկական դիցաբանութեան մէջ։
Տիր եղած է Հայկ Աղեղնաւորի ուստրը, այսինքն մանչ զաւակը, եւ համարուած է Արամազդ աստուածահօր ատենադպիրը եւ սուրհանդակը, համայն մարդկութեան ճակատագրի գուշակը եւ նաեւ՝ երազներու մեկնիչ, անոնց բոլոր չար եւ բարի գործերուն գրանցողը՝ գրողը եւ արձանագրո՛ղը։

«ՄԵԾ ՀՈԳԻ»ՆԵՐ ԵՒ ՊԶՏԻԿՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Մեծ հոգի»ներ, վեհանձն նկարագրի տէր մարդիկ, ֆիզիքական ցաւերէ կը սոսկան ընդհանրապէս, քանի որ իրենց մեծութիւնը չեն կրնար կիրարկել հոն։ Մեծ հոգիները, պզտիկ ցաւերու ատեն ուրախ տեսնել շատ հազուադէպ է։

ՕԴԱՅԻՆ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օդի նպաստաւոր պայմաններու տակ՝ հաճոյքի եւ զմայլանքի պահեր են օդային ճամբորդութիւնները՝ մանաւանդ երբ այն ճամբորդութիւնը մարդս կ՚առաջնորդէ դէպի իր սիրելիները՝ նպատակ ունի ժամ առաջ տեսնել եւ միանալ անոնց։

ԿԵԱՆՔԸ ԼԵՑՈՒՆ ԱՊՐԻԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ըստ հոգեբաններու, երջանիկ ըլլալու համար, պէ՛տք է պահը ապրիլ եւ կեանքի ամէն մէկ պահը լեցուն ապրիլ։ Արդարեւ Յիսուս ալ այս նոյն բանը կ՚ըսէ. «Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուինք վաղուան մասին։ Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է», (ՄԱՏԹ. Զ 34)։

ԿՌԻՒԻՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կռիւ»ը իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ դիմադրել, հակառակիլ, փոխադարձել։ Կռիւը կրնայ ըլլալ մտային պայքար՝ վէճ, բանավէճ, ինչ որ գաղափարներու, տեսակէտներու ընդհարումն է՝ ուրկէ կը ծագի ճշմարտութիւնը։

ԼԵԶՈՒ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Alfred Louis Charles de Musset (1810-1857) ֆրանսացի բանաստեղծ, թատերագիր եւ վիպագիրը իր քերթուածներէն մէկուն մէջ սապէս կ՚ըսէ.
«Թէեւ բաժակս փոքր է, բայց ես կը նախընտրեմ խմել իմ բաժակէս»։

ԶԿԱՅՍԵՐՆ ԿԱՅՍԵՐ…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն Աստուծոյ»։ Աւետարանական այս խօսքը սահմանը կ՚որոշէ աշխարհայինին եւ աստուածայինին, ուրիշ խօսքով՝ նիւթական-աշխարհային աշխարհի եւ բարոյական-հոգեւոր աշխարհի։

ԿԵԱՆՔԻ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այստեղ, այս աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Այսպէս կը պատուիրէ Յիսուս, մատնանշելով թէ կեանքի մէջ միշտ պիտի պատահին նեղութիւններ, դժուարութիւններ՝ որոնց հանդէպ պէտք է քա՛ջ ըլլալ Իր իսկ օրինակով։

ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ Է ՄԻՏՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ մարդ միշտ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, որոնք կը ստեղծեն տարակոյսներ, անորոշութիւններ։ Մարդ շատ անգամ կը դժուարանայ հաւատալու որեւէ «իրողութեան»՝ որքան ալ ան ըլլայ «ճշմարտութի՛ւն»։

ՀԱՅՐ ԱՐՍԷՆ ԱՅՏԸՆԵԱՆ (1825-1902)

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ լե­զուա­բա­նու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Հայր Ար­սէն Այ­տը­նեան ծնած է Պո­լիս, 1825 թուա­կա­նին։
Վիեն­նա­յի Մխի­թա­րեան­նե­րու մօտ, ան հետզ­հե­տէ կը հմտա­նայ մա­տե­նագ­րու­թեան, փի­լի­սո­փա­յու­թեան, ի­տա­լե­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի, անգ­լե­րէ­նի, գեր­մա­նե­րէ­նի, ա­րա­բե­րէ­նի եւ թրքե­րէ­նի մէջ։

Էջեր