ՍԿԶԲՈՒՆՔԷ ԶՈՒՐԿ ԸԼԼԱԼ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակին համար յաճախ կ՚ըսուի, թէ անոր ամենէն յատկանշական առաւելութիւնն է իր բանականութիւնը՝ նկատմամբ բոլոր միւս ապրող էակներուն։ Ան ունի նաեւ «կամք» մը, որ կը գործածէ իր բանականութեանը շնորհիւ, եւ այս ալ կարեւոր առաւելութիւն մըն է ուրիշ էակներու բաղդատմամբ։