ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ - Դ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական եւ աշխարհական օրէնքը հաստատութիւն կը գտնէ ե՛ւ բնական օրէնքի մէջ։ Կենսաբանութիւնը՝ «biologie» եւ բնախօսութիւնը՝ «physiologie» ցոյց կու տան, որ բազմակնութիւնը ո՛չ միայն չի հասցներ իր միակ նպատակին՝ աճեցնել սերունդը, այլ, ընդհակառակը, կը թուլացնէ ու կը վատթարացնէ ամբողջ ցեղի կամ ազգի առողջութիւնը, կը նուազեցնէ բեղմնաւորական ուժը եւ կը պակսեցնէ որդեծնութեան թիւը՝ խանգարելով նաեւ ընտանեկան բարոյականութիւնը։