ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ բարեկամներ, մարդիկ ընդհանրապէս կը տեսնուին եւ կը ճանչցուին իրենց արտաքին երեւոյթով, եւ շատ անգամ ծածուկ կը մնայ անոնց ներաշխարհը։ Մինչդեռ մարդուս ներաշխարհը կը կազմէ «իսկական մարդ»ը՝ իր յուզումներով, փափաքներով, կիրքերով, մտածումներով, մէկ խօսքով՝ իր նկարագրո՛վ։