ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ Կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի «Գալստեան» յիշատակին։ Ուստի նախորդ կիրակիներու խորհուրդներուն միջեւ կ՚երեւի յայտնի տրամաբանական կապակցութիւն մը՝ որ Հայ Եկեղեցին յատկապէս կը յիշէ եւ կը խորհրդածէ ամէն մէկը իւրաքանչիւր Կիրակիի խորհուրդին մէջ։