ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԱՒԱԹ ՄԸ ՋՈՒՐԻ ՄԷՋ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հասած է տեղ մը, որ այլեւս չե՛մ ուզեր լսել Պարոյր Սեւակ, Յովհաննէս Շիրազ, Սիամանթօ, Յովհաննէս Թումանեան, Գրիգոր Զօհրապ եւ այլ գրողներու անուններ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ հայ գրականութեան կաճառին մէջ շա՜տ շատ ուրիշ անուններ կան, արժանի յիշատակութեան, սակայն ճակատագրի բերած զաւեշտով հակառակ իրենց մտային հանճարին՝ շատերու համար կը մնան օտար ու անծանօթ։