ՓԱԿՈՒՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ազգին մէջ կան խնդիրներ, որոնք վեր ու առաջնահերթ են ամէն տեսակի անձնական շահամոլութենէ, ներքին ըսի ըսաւէ ու աւելորդաբանութենէ։ Այս մէկը կը գրենք, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ մեր ազգը երեւոյթները չէ՛, որ կը դատէ, այլ առաջին հերթին նկատի կ՚առնէ անձը եւ այդ անձին հիման վրայ իր դիրքորոշումը կ՚որդեգրէ: