Առաջարկ՝ մամլոյ միութիւն մը ստեղծելու ակնկալութեամբ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ երէկ ունեցած հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ առաջարկ մը։ Այսպէս, ան կը փափաքի, որ մեր համայնքէն ներս ստեղծուի մամլոյ միութիւն մը։ Սա զանազան տեսակէտներէ կրնայ օգուտներ ապահովել՝ իր համոզմամբ։