ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ խրախուսական յորդորներով՝ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ կարեւոր ու գործնական նախաձեռնութիւն:
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան հովանոցին ներքեւ կեանքի կը կոչուի ծրագիր մը, որու նպատակն է նպաստել մեր համայնքի տարեցներու եւ համեստ խաւերէ անդամներու կենսական կարիքներու դիմագրաւումը:
Իսթանպուլի հայաբնակ թաղամասերու հիման վրայ կատարուած է 7 շրջաններու բաժանմունք մը. իւրաքանչիւրը ընկերային օժանդակութիւններու համակարգման կէտի մը ձեւով կազմակերպուած է՝ իր քարտուղարութիւնով, փոխադրամիջոցներով եւ կամաւորներով:
Իրերօգնութեան այս ջանքերու յաջողութիւնը կախում ունի առաջին հերթին հաղորդակցութեան արդիւնաւէտ դրութեան մը հաստատուելէն: Ամբողջ թրքահայութեան կը վիճակի պատասխանատուութիւն: