ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸԻ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Կեանքի թելը, ափսոս, կանուխ փրթաւ. Յարութիւն Շանլըն մեզ լքեց ու գնաց։ Իսկապէս դժուար է հաշտուիլ իր անժամանակ կորուստի գաղափարին հետ՝ մանաւանդ, որ հանգամանքներն ալ ողբերգական են։ Երբ ան անդենականի ճանապարհը բռնած է, մեր աչքին առջեւ, մտքին մէջ կը վերակենդանանան իրեն վերաբերեալ բազում յուշեր։