Սուր երկընտրանք եւ բարդ սպասում
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Քորոնաժահրի համաճարակը թէեւ առօրեան գրաւի տակ առած է, սակայն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անսպասելիօրէն յառաջացած է ծայր աստիճան ծանրաբեռնուած շրջան մը։ Բառին բուն իմաստով թէժ օրակարգ մը կայ համայնքին առջեւ։