Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Երէկ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Չեմ գիտեր, կը համաձայնիք թէ չէ, յատուկ ամիսներ գոյութիւն ունին մեր պատմութեան մէջ. փետրուարը Վարդանանց ամիսն է, օրինակ, հոկտեմբերը՝ Թարգմանչաց, գիր ու դպրոց էր միշտ սեպտեմբերը, «44-օրեայ» եղաւ, Եղերական կը մնայ ապրիլը, իսկ մայիսը՝ «Սարդարապատ»…

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդկային միտքը դարեր շարունակ ձգտած է լոյսին՝ ո՛չ միայն իբրեւ ֆիզիքական երեւոյթ, այլ որպէս խորհրդանիշ ճշմարտութեան, իմաստութեան եւ ներքին ազատութեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը՝ որ «փոքրիկ տիեզերք» մը կոչուած է, սակայն, իր մէջ կը զգայ անհունութեան անհպելի սահմաններուն սաւառնող կարողութեան մը թռիչքը։ Ուստի, իր միտքին սրաթռիչ թեւերովը մերթ կը խոյանայ դէպի երկինքի բարձրութիւններուն եւ մերթ կը մխրճի երկրի ընդերքներու մէջ եւ ովկիանոսներու անդնդախոր յատակը:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ տեղ գտած հակասութիւնները այնքան ալ զարմանք չեն պատճառեր. հակասութիւնները մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասը կը կազմեն, սակայն, վիճակը տարբեր կ՚ըլլայ, երբ երկու հակասութիւններ միատեղուին:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

16 մայիս 1916-ին, այսինքն՝ 110 տարի առաջ, կնքուեցաւ գաղտնի համաձայնագիր՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Օսմանեան կայսրութեան տիրոյթներու բաժանման մասին:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՀԲԸՄ բաց ճակատով ու արդար հպարտութեամբ կը նշէ իր հիմնադրութեան պանծալի 120-ամեակը:
Յառաջիկայ աշնան Մոնրէալի մէջ նախատեսուած է աշխարհատարած բարենպատակ հաստատութեան համագումարը:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ս. Յովհաննէս Ա. Մանդակունի Կաթողիկոսի (478-490) յաջորդեց անոր աշակերտ Բաբգէնը՝ որու հայրապետութեան ժամանակ Կաւատ Ա. արքան կրկին հալածանք հանեց քրիստոնէութեան դէմ եւ Վահան ստիպուեցաւ ընդդիմութիւն ցոյց տալ։ Հալածանքը դադրեցաւ 499 թուականին եւ այս միջոցին Վահանն ալ վախճանեցաւ։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Հիմնականապէս ու մշտաբար ազգերու-ժողովուրդներու կազմութիւնները սերտ կապակցուած են կամ նոյնիսկ պայմանականացած՝ նոյն ազգերու-ժողովուրդներու ղեկավարութիւններէն: Դժուար է ըսել ընկերաբանութեամբ ու քաղաքագիտութեամբ, թէ ի՞նչ բան աւելի որոշիչ է պետութեան մը կազմութեան կամ զարգացման համար եւ ո՞վ կը յառաջացնէ միւսը.

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօրուան յօդուածը շատ աւելի լաւ հասկնալու համար պէտք է անգամ մը ուշադրութեամբ նայիք յօդուածին կցուած նկարին, ուր գրուած թուանշանները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, գուցէ Եւրոպայի եւ կամ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող անյայտ անձնաւորութեան մը մէկ օրուան ընթացքին կորսնցուցած գումարն է. մէկ միլիոն երեսուն հազար տոլար եւ աւելի:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ԶԱՐԵՀ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Հինգշաբթի օրուան մեր սիւնակով ներկայացուցինք Տ. Զարեհ ծայրագոյն վարդապետ Սարգիսեանին վերջերս հրատարակած՝ «Հաւատքի արուեստը» գիրքին գրախօսականը:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթըն-Փեքին բանակցութիւններուն ականադաշտը. Իրանի պատերազմէն՝ մինչեւ Թայուանի ճակատագրական խաչմերուկ:
Միացեալ Նահանգներու անկայուն քայլերն ու Չինաստանի ռազմավարական առաւելութիւնը կը պայմանաւորեն միջազգային հաւասարակշռութիւնները:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

Այս շաբաթավերջին, պոլսահայութիւնը կը հիւրընկալէ Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ եկած է Էջմիածին քաղաքէն։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

Երէկ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Նիւ Տելհիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ:

Շաբաթ, Մայիս 16, 2026

Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց ունեցան հեռախօսազրոյց մը: Այս առթիւ երկու ղեկավարները քննարկեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին եւ Իրանի շուրջ հակամարտութեան վերաբերեալ հարցեր: 

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Եւրոմիութեան Թուրքիոյ առաքելութեան նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ Օրթագիւղի «Ֆերիէ» ճաշարանի համալիրէն ներս:

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Էսաեան վարժարանէն ներս տեղի ունեցաւ միջլիսէական «Scrabble»ի մրցոյթը, որ 15-րդն էր իր նմաններու շարքին: Էսաեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցութիւն բերին համայնքային լիսէներու ներկայացուցիչ խումբերը: 

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբը, որ այս շաբաթավերջին կը գտնուի քաղաքիս մէջ: «Օրթաքեան» պարախումբը եկած է Էջմիածին քաղաքէն: 

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Խաչիկ Ճանէլն ու գործակից ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան: 

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2026

Համբարձման տօնն ու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 194-րդ տարեդարձին առթիւ արարողութիւններ:
Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ՝ հսկայական ներդրումներով ստեղծուած եւ արդի սարքաւորումներով օժտուած նոր բաժանմունքներուն մասին: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շեշտը դրաւ ժառանգութեան գիտակցութեան վրայ՝ դրուատելով հոգաբարձութեան կողմէ որդեգրուած առաջնահերթութիւնները՝ նաւուն ընկղմիլը կանխելու անհրաժարելի կէտ նպատակով:

Էջեր