Արխիւ
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Ամենայն Հայոց հոգեւոր կեդրոնը՝ Սուրբ Էջմիածինը, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ միայն պատմական կամ կրօնական սրբավայր մը չէ, այլ՝ ազգային ինքնութեան, հոգեւոր շարունակականութեան եւ համահայկական միաբանութեան կենդանի խորհրդանիշը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն ներս, առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճուն եւ գործակից ընկերները։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեանը, որ վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած է Հայաստան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանական ընտրութիւն։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս ընտրութեան ժամացոյցը կը բանէր եւ վաղը արդէն եզրափակիչ փուլն է։ Պառակտումներու, բեւեռացումներու մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի ընտրութիւնը։ Երբ երկիրը գոյաբանական վտանգներու դիմագրաւման ջանքեր կը գործադրէ, այս ընտրութիւնը նոր սկիզբի մը որոնումը կը համարուի։ Քուէարկութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանի տեսակէտէ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այնքան ժամանակ, որ հայ ժողովուրդը ունի արտագաղթ՝ ներգաղթի մասին խօսիլը աւելորդ է, որովհետեւ դուրսը ապրող հայը Հայաստան բերելու փոխարէն նախ պէտք է ներսը ապրող հայը յաջողիլ Հայաստանի մէջ պահել:
Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Աթլաս» շարժանկարի դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուած էր հայ գրականութեան համակիրներով, որոնք փութացած էին մասնակցելու՝ ասմունքի թագուհի Սիլվա Կոմիկեանի ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի երեկոյթին։
Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ քրէական ատեանը փոփոխութեան ենթարկեց Տ. Բագրատ արք. Գալստանեանի խափանման միջոցը՝ բանտարկութիւնը փոխարինելով տնական կալանքի։
Երէկ, Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հաւաքոյթ մը, որ ձօնուած էր հրեաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ փոխյարաբերութիւններու թէժ գիծին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչեւ ե՞րբ Հայաստանի մէջ կուսակցութիւնները պիտի մնան անձերու շուրջ կառուցուած ժամանակաւոր հաստատութիւններ՝ փոխանակ դառնալու հաստատուն ուժեր:
Խոստումներու իրագործելիութիւն:
Քաղաքական կամքն ու վստահութեան մթնոլորտը կը հարցաքննուին համակարգային մշակոյթի պրիսմակէն՝ մինչ բազմազանութիւնը կը համարուի մէկ կողմէ լայն ըմբռնումի փորձ, իսկ միւս կողմէ անորոշութիւն:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակակից համացանցի աշխարհին մէջ կայ նոր երեւոյթ մը, որ շատեր արդէն կ՚ապրին ամէն օր՝ առանց նոյնիսկ գիտակցելու անոր գոյութիւնը։ Անգլերէնով զայն կը կոչեն «rage bait» այսինքն՝ դիտումնաւոր կերպով զայրոյթ, բարկութիւն կամ ատելութիւն հրահրող բովանդակութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուծոյ համբերութիւնը աստուածային կատարելութիւններէն մին է, ինչպէս Անոր իմաստութիւնը, զօրութիւնը եւ սրբութիւնը։ Ճիշդ է, որ «համբերութիւն» բառին այնքան յաճախ հանդիպիլ կարելի չէ համաբարբառին մէջ, որքան միւսները։
Կեդրոնական վարժարանի վոլէյպոլի աղջկանց խումբը հանդիսացաւ Պէյօղլուի գաւառակի ախոյեանը։ Կեդրոնականցիները միջոցէ մը ի վեր գաւառակի մէջ կազմակերպուած այս մրցաշարքին գծով արդէն յաղթարշաւի մէջ էին։
Երէկ, Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ նորոգ հանգուցեալ Սօնա Լազօղլուի յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն հոծ թիւով դէմքեր:
Պոլսահայ կրթական համակարգէն խումբ մը ներկայացուցիչներ, այս օրերուն մասնակցութիւն կը բերեն «Փոքրամասնութիւններու առումով կրթութիւն» խորագրեալ մասնագիտական հաւաքոյթի մը, որ տեղի կ՚ունենայ Գերմանիա-Դանիա սահմանին վրայ:
Այսօր, Փարիզի մէջ նախատեսուած է՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ, անկրկնելի տաղանդ, հոգելոյս Արա Կիւլէրի վերաբերեալ յատկանշական ձեռնարկ մը: Այսպէս, «Փասիֆիք» ֆրանսական հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է՝ «Արա Կիւլէր-Իսթանպուլ» գիրքի ֆրանսերէն տարբերակի նոր հրատարակութեան:
Կարսի մէջ նախընթաց օր կազմակերպուած Թուրքիա-Հայաստան գործարարներու հաւաքին արձագանգները կը շարունակուին: Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը այնպիսի հասունութեան մակարդակի հասած է, որ կողմերու գործարարները արդէն սկսած են քննարկել շօշափելի գործակցութեան հեռանկարները:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նուրբ անձրեւ՝ հեռաւոր աշունի մը մէջ,
եւ կապոյտ… կապոյտ թռչունները
եւ երկիրը՝ տօնի մէջ է։
Մի՛ ըսեր՝ ես օդակայանի մէջ ամպ մըն եմ,
որովհետեւ ես չեմ ուզեր
իմ հայրենիքէս, որ շոգեկառքի ապակիէն ինկաւ,
բացի մօրս թաշկինակէն
եւ նոր մահուան պատճառներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի ընտրութեան մասնակցելիք քաղաքական ուժերուն տեսակէտէ արդիւնքը պիտի ըլլայ ճակատագրական. վերադա՞րձ, փորձութի՞ւն, թէ վերջնական դատաստան:
Երկարաժամկէտ կենսունակութիւն:
Կայուն, բայց, ոչ-գերակշիռ միաւորներ ազդեցութեան պայքար կը մղեն՝ ամրապնդելու համար զանազան հարթութիւններու վրայ, որոնք ճանապարհ կրնան հարթել դէպի խորհրդարան: