Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Օր մը Կոմիտաս Վարդապետ իր աշակերտներէն Վահան Տէր-Առաքելեանն ու Մ. Քրիսճեանը իր մօտ կը կանչէ, որպէսզի անոնց հետ փորձ ընէ մի քանի օրեր ետք համերգի ընթացքին հնչելիք «Ծիրանի ծառ» ժողովրդական մեներգը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարա-Երեւան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի Մարգարայի անցակէտով Հայաստան հասնիլն ու իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունենալը քանի մը ուշագրաւ ուղղութիւն կը փոխանցէ:
Թարգմանիչներու միջազգային օրուան առթիւ նախընթաց օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած՝ «Թարգմանիչներ՝ վստահելի ձայներ յարափոփոխ աշխարհի մէջ» խորագրեալ ասուլիսը առիթ դարձաւ այս ոլորտի կարեւորութեան, դերակատարութեան, զարգացման հեռանկարներու եւ այժմ դիմագրաւած մարտահրաւէրներու քննարկման։
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Վարդան Մատթէոսեան նախընթաց օր մասնակցեցաւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի առցանց լսարանին, որ 80-րդ էր իր նմաններու շարքին։
Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ, Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները վերահաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Հայոց Պատրիարքութեան եւ հրատապ միջամտութեան կոչ ուղղեցին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած՝ երկրորդ «Ուսուցիչէ ուսուցիչ» աշխատաժողովին վերաբերեալ դիտարկումներու եւ խորհրդածութիւններու լոյսին տակ կը բիւրեղանան քանի մը հիմնական կէտեր։ Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերը բազում հարթութիւններու վրայ կը քննարկուին եւ թէկուզ անխուսափելիօրէն ի յայտ կու գան հակասութիւններ։
Երեւան-Պաքու խաղաղութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Եւրոպական Միութեան տեսակէտէ:
Եւրոպայի հետ համարկման ճանապարհին Հայաստան դէմ է դիւանակալութեան գերակայման՝ քաղաքականութեան վրայ:
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նիստին։ «Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներու ապագան կը պատկերացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», ըսաւ ան Սթրազպուրկի մէջ։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի պայմաններուն ներքեւ, կողմերու միջեւ շփումները կը խտանան բոլոր ուղղութիւններով։ Ընտանիքի եւ ընկերային ծառայութիւններու նախարար Մահինուր Կէօքթաշ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանի հետ։
Թուրք օդային ընկերութիւնը (THY) որոշած է թռիչքներ հաստատել Երեւանի եւ Իսթանպուլի միջեւ։ Ընկերութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ թռիչքները կանոնաւոր բնոյթ պիտի ունենան։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Ատրպէյճան-Նախիջեւան անխափան կապին ուղղեալ հաղորդակցութեան ուղին մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ վերջնական խաղաղութեան համար:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ թեմէն ուխտաւորներ։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տարեդա՞րձդ կը տօնես:
Ո՜հ, ինչ տօնակատարութիւններ: Պատմութիւնը վայրագօրէն կը յարձակի վրադ: Պարտութիւն պարտութեան ետեւէ: Իսկ արաբները իրենց բոլոր օրերու ընթացքին տօնակատարութիւններու մէջ են:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պառակտումը՝ միաբանութեան եւ միութեան քայքայման շարժառիթն է։ Արդարեւ, Յիսուս կը ստուգէ այս ճշմարտութիւնը. «Եթէ թագաւորութիւն մը ինքն իր մէջ բաժան-բաժան ըլլայ, այդ թագաւորութիւնը չի՛ կրնար կանգուն մնալ». (ՄԱՐԿ. Գ 24)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կոմիտասը եկեղեցական, երաժիշտ ու հանճար ըլլալէ առաջ մա՛րդ էր. մեզի միշտ ներկայացուցած են Կոմիտասի դժբախտ կողմը՝ աքսորը, «խելագարութիւն»ը, սակայն չե՛ն ըսած մեզի, թէ ո՞վ էր Կոմիտաս մարդը՝ իր ընկերային բոլոր յատկութիւններով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թերացումներ, պարտականութեան անտեսումներ՝ զանցառումներ բնական են մարդուս համար, քանի որ ան թերութիւններ, տկարութիւններ ունի եւ անկատա՛ր է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հին յոյն պատմիչ Հերոդոտոս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը յայտնէ հետեւեալ տարօրինակ ու հակասական միտքը. «Յաճախ կը պատահի մարդու կեանքին մէջ, որ դժբախտութիւնը երջանկութիւն կը բերէ». դժբախտութիւն ու երջանկութիւն.
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած՝ երկրորդ «Ուսուցիչէ ուսուցիչ» աշխատաժողովին ժամանակ ծաւալուած քննարկումներու առանցքին էին հայոց լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման հարցերը։
Մեծ կղզիի մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ՝ «Իշխանաց կղզիները նկարահանածներ» խորագրեալ լուսանկարչութեան խրախճանք մը։ Կղզեաց թանգարանէն ներս կեանքի կոչուեցաւ ձեռնարկը, որու քիւրաթէօրն էր Ալպերթօ Մոտիանօ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ռատմիլա Շեքերինսքայի հետ։