Արխիւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ քննարկումներ կը ծաւալուին՝ միջպետական սահմանէն զօրքերու հայելային ետքաշման գաղափարին շուրջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին գումարման Ազգային ժողովի նախագահ Բաբգէն Արարքցեան։ 79 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է ականաւոր պետական-քաղաքական գործիչ ու գիտնական Բաբգէն Արարքցեան, որ անփոխարինելի դերակատարութիւն ունեցած էր հայոց պետականութեան ակունքներուն մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

«Xana Gardens» ընկերութիւնը տակաւին չէ պատասխանած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան նամակին:
Լեմքինի կաճառը կոչ ուղղեց Ուաշինկթընին:
Սաղիմահայ համայնքի անդամները այս շրջանին պայքարելու համար դատեր կը բանան Իսրայէլի դատարաններուն մէջ:

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

Բնութեան կենսունակութեան վառ ապացոյցներէն մին է բոյսերու վերակենդանացման ու վերանորոգութեան ընդունակութիւնը։ Այո՛, բոլոր արարածները կը ծնին, կ՚ապրին ու կը մեռնին, սակայն, սա փակ շրջան մը չէ՝ որպէս այդպիսին եւ այդ շարունակականութիւնը կը պարփակէ յարատեւութիւն մը, որ բնութեան կենսունակութեան բո՛ւն դրսեւորումը կը հանդիսանայ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

Փարիզի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Շուշին՝ Կովկասի մարգարիտ» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողով մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի քարոզչական կեդրոնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւնները։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները այս տարի եւս մասնակցեցան թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տօնածառի յարդարման։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ եւ ուսուցչուհիներէն Աննա Սարը Սեչքինի ուղեկցութեամբ տղաքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ զարդարեցին եկեղեցւոյ տօնածառը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

Պէյօղլուի Թոքաթլեան խանին մէջ երէկ բացուեցաւ «Բաց դռներ» խորագրեալ մեծ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ դեկտեմբերի 20-ը։ Թոքաթլեան խանի երդիքին տակ բազմաթիւ արուեստագէտներ գործունէութիւն կը ծաւալեն եւ այնտեղ ունին աշխատանոցներ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պոթսուանայի հանրապետութեան Քասանէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» հռչակագրի 18-րդ միջկառավարական նստաշրջանը, որու ընթացքին արձանագրուած է Հայաստանի Հանրապետութենէն ներկայացուած ութերորդ յայտը՝ «Կիւմրիի դարբնութեան աւանդոյթը»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային բնոյթով շարք մը հարցեր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Բնութեան կենսական ուժը: Հիւանդոտ սերունդներու վիճակը: Ընտանիքներու եւ ազգերու բարոյական անկումը: Կենդանական եւ բուսական ցեղերու ազնուացումը: Վերջին խօսք:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Շահնազարեան. «Հանրութիւնը չի պատկերացներ աղէտի չափերը։ Խաղաղութիւնը փաստաթուղթ մը չէ, այլ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան արդիւնք է»:
Ռուսաստան-Թուրքիա ծրագիրը կ՚իրականացուի Հայաստանի իշխանութեան կողմէ, ընդդիմութիւնն ալ փաստացի ամբողջովին կը նպաստէ. արդէն, ըստ էութեան, բաց քարտերով սկսած են խաղալ:
«Կարգ մը լուրջ վերլուծական կեդրոններու հաշուարկներով՝ 2030 թուականին աշխարհի քարտէսին վրայ Հայաստանը պիտի չըլլայ»:
«Նիկոլ Փաշինեան կը կատարէ Մոսկուայի հրահանգը, որով պէտք է արեւմտամէտութիւն ցոյց տայ»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսի՝ Դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու (LLDC) նախարարական հանդիպումը։ Սա ՄԱԿ-ի հետ միասին Հայաստանի մէջ ցայսօր կազմակերպուած ամենամեծ ձեռնարկներէն մին պիտի ըլլայ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Յայտնի՛ է, որ մարդ արարածը զգացում մը ունի. եթէ կրնայ անգութ ըլլալ, կրնայ նաեւ գորովագին ըլլալ՝ փոխան ատելութեան՝ սէր կ՚ընդունի։ Անէծքի տեղ աղօթք կ՚ելլէ սրտէն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մինչեւ այսօր խօսեցանք զանազան երեւոյթներու մասին, սակայն անկասկած ամենէն կարեւորներէն կարելի է նկատել մարդկային ճակատագիրին մաս կազմող հիւանդութիւնն ու անխուսափելի մահը: Հիւանդութիւնն ու մահը միակ երեւոյթն են ի տարբերութիւն միւսներուն, ո՛չ առողջ հաղորդակցութեան եւ ոչ ալ նախքան ամուսնութիւն կատարուած նախապատրաստական շրջանին հետ աղերս ունի:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Շաբաթավերջի դրութեամբ Պելժիոյ Անթվերպեն քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ նշանակուած Տ. Տիրայր Վրդ. Յակոբեան պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Թուքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կրետէ կղզիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ նորանշանակ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւն։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար Հայրի Ինէօնիւ դարձեալ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ կազմի սիւներէն՝ Նուրիձա Կէզէրն ու Մուրատ Կէօրէյը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2023

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրի ընդունման 75-ամեակին ձօնուած բարձրաստիճան յոբելենական ձեռնարկներուն։

Էջեր