Արխիւ
Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ Պաղտատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի Նաւթի նախարար Սամիր Էլ-Կապտանի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ օրակարգի վրայ է նոր նաւթամուղի մը կառուցման ծրագիրը։ Իրաքի քարիւղը Քերքիւքի վրայով Թուրքիոյ սահմանը հասցնող հին ուղղութեան վրայ կը նախատեսուի այս նոր խողովակաշարին կառուցումը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը կը պատրաստուի կազմակերպել գիտաժողով մը՝ Հայ Եկեղեցւոյ 20-րդ դարու նշանաւոր գործիչներուն նուիրուած։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու գլխաւորութեամբ, այս գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերի 8-ին, Լոս Անճելըսի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի համալիրէն ներս։
Նախագահներ Էրտողան եւ Թրամփ երէկ երեկոյեան ժամերուն ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի համագործակցին՝ կանխելու համար նոր մարդկային աղէտներու ծագիլը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչերի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է անգլիական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ 2019 թուականի ամրան շրջանի գործունէութիւնները արդէն եզրափակուած են Կազդուրման կայանէն ներս։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Այս երկու բայերը մնայուն շփոթի առարկայ են արեւմտահայուն համար, որ ընդհանրապէս չի զանազաներ անոնց տարբերութիւնը:
Ասոնցմէ առաջինը՝ հագնիլ, կը համապատասխանէ գրաբարի ագանել բային, ֆրանսերէնի՝ porter, անգլերէնի to wear բայերուն:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Պոլսոյ մէջ բնակութիւն հաստատած Հայաստանի քաղաքացիներու մասին յօդուածաշարքս որոշած եմ ընդմիջել, թեմայէն շեղիլ, ընթերցողներուն զեկուցելու համար Հայաստանի մէջ վերջին շաբթուայ ընթացքին տեղի ունեցած կարեւոր զարգացման մը մասին։
Այսպէսով, այս էջով Պոլսոյ հայաստանցիները կը ձգեմ Պոլիս, ու գրչովս կ՚երթամ իրենց հայրենիք, ձեզ ալ հետս տանելով։
MOODY՚S միջազգային վարկանշային կազմակերպութիւնը բարձրացուց Հայաստանի վարկանիշը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ երկրի վարկանիշը «B1»էն բարձրացած է «Ba3»ի։
Յայտնի պատմաբան ու ցեղասպանագէտ Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի յուղարկաւորութիւնը այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Վահագն Տատրեան օգոստոսի 2-ին Նիւ Եորքի մէջ մահացած էր 93 տարեկանին։
Հայաստանի մէջ երէկ ձերբակալուեցաւ երկրի նախկին ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերէն մին եւս։ Վերջին շրջանի աղմկարար ձերբակալութիւններու ընթացքին, իրականութեան մէջ, այս անունը միշտ շրջանառութեան մէջ էր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն պիտի աշխատի վերականգնելու համար Մեծն Ութնեակի (G-8) ձեւաչափը։ Ինչպէս ծանօթ է, «G-8» կը համախմբէր աշխարհի արդիւնաբերութեան մէջ ամենազարգացած ութ երկիրները։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ աշխարհի մէջ կու գայ արեւմուտքի գերիշխանութեան վերջը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փարիզի մէջ երէկ տեղի ունեցած Դեսպաններու խորհրդաժողովին ժամանակ Էմմանիւէլ Մաքրոն ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Աշխարհի մէջ արեւմտեան գերիշխանութեան դարաշրջանը կ՚աւարտի աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով։
«Երբեմն կը կորսնցնենք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տրամաբանական շարադրանքի թելը»։
Նիկոլ Փաշինեան կը կարեւորէ ազդու օրինակներով բացատրել ներկայ կարգավիճակի ձեւաւորման պատճառները։
Անգարա եւ Մոսկուա յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ կը նախատեսեն՝ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներու ոչնչացումը ապահովելու համար։
Էրտողանը երէկ հիւրընկալելով՝ Փութին յայտնեց, որ Ռուսաստան կը պաշտպանէ Սուրիայէ ներս անվտանգ գօտի մը ստեղծելու ուղղեալ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը։

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Շուէտի խորհրդարանի նախագահ Անտրէաս Նորլենը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Լենա Նազարեան, ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու դեսպանները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Հաւատարմութիւն»ը առաքինութիւն մըն է՝ որ իր մէջ ամփոփուած է ուղղամտութիւն, վստահութիւն, անկեղծութի՛ւն։ Հաւատարմութիւնը ճիշդ, անխարդախ, անշեղ եւ անսխալ, վստահութիւն ներշնչող նկարագրի մը արտայայտութիւնն է։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Առուշ Թաշն եւ իր գործակից ընկերները։ Թաղականները փութացած էին շնորհաւորելու նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնին կոչուելու կապակցութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծն Կոմիտաս Վարդապետին ձօնուած գեղարուեստական փայլուն ձեռնարկ մը։ «Կոմիտաս Վարդապետ՝ Անլռելի զանգակատուն» խորագրեալ ձեռնարկը պատուեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու շուրջ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կ՚ըսեն, թէ հայ տղամարդը պարտաւոր է իր կեանքի հոլովոյթին ընելու չորս բան՝ տուն շինել, ծառ տնկել, ամուսնանալ եւ զաւակներ ունենալ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կից գործող աղքատախնամ մարմնի ատենապետ՝ Սարգիս Քենտիրլին կարծես գերակատարեց իր առջեւ դրուած վերոնշեալ պարտականութիւնները։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ մամուլի պատմութեան աւարտին կարգ մը պարբերականներու հետ իր պատմութիւնը Պոլսոյ մէջ աւարտած է նաեւ «Մասիս» թերթը (1908-ին), որ 1852-ին հիմնուած էր իբրեւ ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ բանասիրական լրագիր եւ 1900-ականներուն սկիզբը հանդէս եկած էր որպէս գրական հրատարակութիւն: