Արխիւ
Աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրական հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսը վաղը Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը պիտի փոխանցէ իր հաւատացեալ հօտին։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց... Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ զանգերը այսօր ահա՛ դարձեալ կը ղօղանջեն տօնական աւետիսով։ Հայ-քրիստոնեայ մարդու հայեացքին առջեւ պատկերուած է Յիսուս Քրիստոսի լո՛յս, դատա՛րկ գերեզմանը՝ Սուրբ գերեզմանը։ Կը հնչեն մեր Եկեղեցւոյ զանգակները՝ առթելով հոգեւոր ցնծութիւն, ղօղանջները կ՚արձագանգեն մեր բոլորի սրտին մէջ՝ աւետելով Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան աւետիսը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 5-6)։
Ահաւասիկ միակ եզական կեանք մը, միակ եւ աննախընթաց երեւոյթ մը՝ միակ ճշմարտութիւնը…։ Ահաւասիկ երիտասարդ «մարդ» մը, որ ծնաւ աննշան գիւղի մը մէջ, զաւակը՝ համեստ եւ խոնարհ մօր մը։
ԿՈՐԻՒՆ Ա․ ՔԱՀԱՆԱՅ ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
«Ինչո՞ւ համար կենդանին մեռելներուն հետ կը փնտռէք»
Պատմութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսէ դուրս ոչ մէկը կեանքի եւ մահուան մասին այսքան յստակ ու վճռական խօսած եւ ոչ ալ անոր տիրապետած է։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Մայրի՛կ, ի՞նչ է Զատիկը,- հարցուց հնգամեայ Արամիկը, որ խաղալիքները մէկ կողմ ձգելով դրան ծայրէն ուշադիր կը հետեւէր մօրը։
-Զատիկը Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնն է,- ժպտուն պատասխանեց մայրը ու շարունակեց խոհանոցի մէջ տօնական պատրաստութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ մարդկային պատմութեան մէջ երբեք չէ՛ եղած մէկը՝ որ այսքան կարճ՝ երեքուկէս տարուան մէջ այնքա՛ն շատ գործ կատարէ եւ յեղաշրջէ բովանդակ աշխարհը, ինչպէս Յիսուս ըրաւ։ Երեքուկէս տարի, Ան գիշեր ու ցորեկ անխոնջ գործեց, երկինքի թագաւորութիւնը, ապաշխարութիւն քարոզեց, հիւանդներ բժշկեց, անօթիներ կերակրեց, մեռելներու յարութիւն տուաւ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նաոմի Ուաքօ Անկլիքան եկեղեցիի կղերական առաջնորդ տիկին մըն է: Ան միեւնոյն ժամանակ Քենիոյ երեսփոխանական ժողովի անդամ է:
«Կինէս»ի մրցանշաւոր յայտնի դաշնակահար Նիքոլայ Մատոյեան նուագեց Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը հանդէս եկաւ փառաշուք համերգով մը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Ս. Զատիկէն վերջ պիտի սկսին նոր պատրիարքի ընտրութեան պատրաստութիւնները եւ այդ գործընթացը յառաջ պիտի տարուի Կրօնական ժողովի որոշումներուն հիման վրայ։ Ըստ նորին սրբազնութեան, ինք թէեւ հակուած չէ տեղապահի մը ընտրութեան, այս ուղղութեամբ անհրաժեշտութիւն մը չի տեսներ, սակայն նաեւ չի փափաքիր այժմէն գրաւի տակ թողուլ Կրօնական ժողովի կամքը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ հրաւէր ուղղած է, որպէսզի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Այս մասին Էլմար Մամետեարով տեղեկացուց յայտարարութիւնով մը եւ աւելցուց, որ ամերիկացի պետական քարտուղարը ջանքեր պիտի գործադրէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին բերելու համար իր նպաստը։
Կասպից ծովու եզերակից երկիրներու պաշտօնատարները յառաջիկայ շրջանին ժողով մը պիտի գումարեն Աստանայի (Նուրսուլթան) մէջ։ Ղազախիստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Կասպից ծովու Բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբի երկրորդ ժողովին պիտի մասնակցին ափամերձ հինգ երկիրներու ներկայացուցիչները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը Հայաստանի մէջ:
«Ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան հզօրացման համար կ՚ակնկալենք մեր միջազգային գործընկերներու աջակցութիւնը»:
Իպրահիմ Քալըն անդրադարձաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ձեւաւորուած անվտանգ գօտիին:
Մենպիչի եւ Եփրատի արեւելքի պարագային Անգարա-Ուաշինկթըն բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Աւագ շաբթուան ամենէն նուիրական ու սուրբ օրն է Աւագ ուրբաթը, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ Յիսուսի չարչարանաց, խաչելութեան եւ թաղման խորհուրդները: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կը կատարուին ընթերցումներ՝ Աւետարաններէն, որոնք կը պատմեն Քրիստոսի դատուիլը հռոմէացի կուսակալ Պիղատոսէն, հրեայ կրօնաւորներու ամբաստանութեամբ եւ պնդումով մահուան Անոր դատապարտումը, խաչը ուսին Գողգոթա բարձրանալը, արեգակին խաւարիլը, տաճարին վարագոյրին պատռուիլը, երկրաշարժ պատահիլը եւ խաչին վրայ Յիսուսի վախճանիլը:
Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր օրերուն, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հաւատացեալները կ՚առաջնորդէ հոգեւոր խոր ապրումներու։ Այս ամբողջին մէջ միշտ կ՚առանձնանայ Ոտնլուայի կարգը, որ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ Աւագ հինգշաբթի օրը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Զատկի տօնէն վերջ սկիզբ պիտի առնէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը։ Ինչ որ ալ ըլլան որոշ նեղ շրջանակներու տրամադրութիւնները (այս նիւթին երէկ անդրադարձած էինք այս սիւնակին մէջ), վերջին հաշուով թրքահայ իրականութեան մօտ այս պահուն կը տիրէ սպասողական վիճակ։
Կրօնական ժողովի ատենապետին յայտարարութիւնը՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան գանգատ կը յայտնէ կարգ մը ժողովական հայրերու աչալրջութեան կապակցութեամբ:
Երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի Շիշլիի գերեզմանատան շիրմին վրայ՝ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վերջին ընթրիք»ին ժամանակ, Ի՛նք Տէրը Իր աշակերտներուն ակնարկը հրաւիրեց Զատիկին լրումին վրայ՝ Աստուծոյ արքայութեան մէջ. «Կ՚ըսեմ ձեզի, այսուհետեւ երբեք պիտի չխմեմ այգիին բերքէն մինչեւ այն օրը երբ ձեզի հետ զայն դարձեալ պիտի ըմպեմ Հօրս Արքայութեան մէջ» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 29)։ Ամէն անգամ որ Եկեղեցին Սուրբ Պատարագի խորհուրդը հանդիսակատարէ, այս «խոստում»ը կը յիշէ եւ իր ակնարկը կ՚ուղղէ «Անոր որ կու գայ» (ՅԱՅՏ. Ա 4)։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամերիկեան օրացոյցին մէջ կան իւրայատուկ օրեր, երբ պետական պաշտօնատեղիներն ու հանրային դպրոցները փակ կը մնան, յիշատակելու այդ օրերուն զուգադիպող տօները։ Օրինակ՝ Մարթին Լուտըր Քինկ օր, Նախագահներու օր, Նահատակաց օր, Բանուորական օր, Վեթերաններու օր եւ այլն։