Արխիւ
Մետասաներորդ պահ. Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ երէկ յետմիջօրէին Գումգաբու հասաւ պաշտօնական գրութիւն մը, որով կատարուեցաւ թուականի փոփոխութիւն:
Այսօրուան Եկեղեցականաց համագումարը, որով պիտի ընտրուէր պատրիարքական տեղապահը, յետաձգուեցաւ շաբաթ մը՝ 4 յուլիս 2019-ին, ինչ որ շատ լայն արձագանգ ստեղծեց հայաշխարհէ ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ գեղեցկութիւնը տեսնել՝ լուսնին նայեցէք, եւ եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ զօրութիւնը, կարողութիւնը եւ փառքը տեսնել՝ արեւին նայեցէք»։ Այսպէս կ՚ըսեն Եբրայեցիներ աստուածային գեղեցկութիւնը եւ փառքը բացատրելու համար։
Եշիլգիւղի վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Էսաեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին համար երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հրաժեշտի փայլուն արարողութիւն մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած հրաժեշտի հանդիսութիւնը անցաւ տօնական մթնոլորտի մը մէջ։
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան երէկ անակնկալօրէն յետաձգման կապակցութեամբ շօշափեցինք Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ տեղապահի ընտրութեան յետաձգումը թէեւ անակնկալ մըն է, սակայն սա ընդհանուր առմամբ չի նշանակեր, որ տագնապ մը ծագած է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Ատենապետ Շիրինօղլու ըսաւ.
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է մեղքը։
Պատասխան. Մեղք բառը՝ յանցանք, անհնազանդութիւն եւ վնաս կը նշանակէ. աւելի՛ն, մեղքը՝ ճշմարտութեան դէմ, սահմանուած օրէնքներու դէմ, որոշ թելադրութիւններու եւ պատուիրաններու նկատմամբ ցուցաբերուած անհնազանդութիւն եւ անտարբերութիւն է։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կոմիտասի 150-ամեակը առիթ է հայեացք մը եւս նետելու անցեալին եւ տեսնելու, թէ անոր նախորդ յոբելեանները, մա՛նաւանդ Հայաստանի մէջ, ինչ ձեւով նշուած են: Անշուշտ, Կոմիտասի գործունէութեան գնահատման կարեւոր հանգրուան մը եղած է անոր 100-ամեակը, որ մեծ շուքով նշուած է Հայաստանի մէջ՝ 1969 թուականին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեանը, որ կը գլխաւորէ «Իմ Քայլը» եւ «City of Smile - Ժպիտներու քաղաքը» բարեգործական հիմնադրամներու հոգաբարձուներու խորհուրդները։ Կը հաղորդուի, որ Աննա Յակոբեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցած է իր ղեկավարած երկու հիմնադրամներու գործունէութիւնը, ծրագրերն ու արդէն ձեռնարկուած աշխատանքները։
Մալթայի Արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելա այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Վրաստանի փոխ-վարչապետ Մայա Ցքիթիշվիլի այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Հայաստան-Վրաստան առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 10-րդ նիստին առթիւ կը կայանայ այս երկօրեայ այցելութիւնը։
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ առկայ տագնապալի վիճակին մէջ չեն շեղիր իրենց դիրքորոշումներէն:
Հուլուսի Աքարի եւ Մարք Էսփըրի Պրիւքսելի երէկուան տեսակցութենէն վերջ կը սպասուի նախագահներու հանդիպման:
Պուրսայի մէջ չորս կասկածեալ ձերբակալւեցաւ ոստիկան զօրաց կողմէ։ Անոնք կը փորձէին վաճառել պատմական նշանակութեամբ երկու Աւետարան։
Իսթանպուլի 30-րդ Ծանր պատժական ատեանէն ներս երէկ շարունակուեցաւ Կեզի զբօսայգիի դէպքերու գործին դատավարութիւնը։ Սիլիվրիի կալանավայրի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս դատավարութիւնը, որու մեղադրեալները կ՚ամբաստանուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւնը քանդելու նախաձեռնութեան մեղադրանքով։
Հուլուսի Աքար եւ Մարք Էսփըր կը քննարկեն Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը:
ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Իսրայէլի մասնակցութեամբ անվտանգութեան եռակողմանի ժողով Սուրիոյ համար:
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկուան դրութեամբ վերադարձաւ բանտ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով։
Հայաստանի սփիւռքի գործերու նորանշանակ գլխաւոր յանձնակատարը առաջին հերթին պիտի թիրախաւորէ մեծագոյն համայնքը՝ ռուսահայութիւնը:
Զարեհ Սինանեան հայրենադարձութեան կարեւորագոյն նախապայմանը կը համարէ՝ արդար, քաղաքացիակեդրոն ու մարդակեդրոն հասարակարգի մը ստեղծումը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ժամացոյցը կը բանի։ Թրքահայ համայնքի օրակարգին վրայ է օրացոյց մը, որ աստիճանաբար պիտի վերածուի յստակ ճանապարհային քարտէսի մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Ի՛նքն է որ ստեղծեց «տեսանելի աշխարհ»ը իր ամբողջ ճոխութեամբ, զանազանութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ։ Աստուածաշունչը Արարչին գործը խորհրդանշական կերպով կը ներկայացնէ իբրեւ «աստուածային վեցօրեայ աշխատանքի յաջողութիւն» մը՝ որ կը վերջանայ եօթներորդ օրուան «հանգիստ»ով։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Կը շարունակեմ ներկայացնել ուսումնասիրութեանս ընթացքին հանդիպած համշէնահայերէս ոմանց, անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ անոնք մէկ տեսակն են միայն համշէնցիներուն։ Անդին կան նաեւ իրենք զիրենք թուրք կամ պարզապէս համշէնցի համարողները։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օտարութիւն այսքան ծանօթ,
Այսքան հեռու եւ այսքան մօտ։