Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ գործընթացը պէտք է արագանայ, պէտք է ըլլայ նպատակասլաց եւ այլեւս պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի մէջ ամփոփեց ԵԱՏՄ-ի Երեւանի գագաթաժողովին արդիւնքները:
Հայաստան կ՚ակնկալէ, որ Վերին Լարսէն բեռներու ազատ տեղաշարժը ապահովուի այս կազմակերպութեան տրամաբանութեամբ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի ժամացոյցը գործնականօրէն կը բանի։
Գումգաբուի երէկուան եկեղեցականաց համագումարին ժամանակ սկզբունքօրէն յստակացուեցան թեկնածուները: Այսօր տեղի կ՚ունենայ Նախաձեռնարկ մարմնի պահանջած լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեսակցեցաւ մեր զանազան միութիւններու եւ ակումբներու ներկայացուցիչներուն հետ։

 

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Մարդիկ կան որ միշտ կարօտը ունին իրենց նախապէս ապրած տարիներուն՝ երջանիկ օրերուն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկար ժամանակ Միացեալ Նահանգներ ապրած ու ներկայիս Հայաստան վերադարձած հայաստանցի նկարիչ Սամուէլ Սաղաթելեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։
-Պրն. Սաղաթելեան, դուք երկար ժամանակ Միացեալ Նահանգներ բնակելէ ետք վերջերս վերադառնալով հաստատուած էք Հայաստան: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել ձեր այս վերադարձը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

Հաւաքեց եւ արդի արեւմտահայերէնի վերածեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է աղօթքը:
Պատասխան. Սղօթքը այն է, որ միտքդ դէպի Աստուած կը վերցնես, քեզի ըրած բարերարութիւններուն համար շնորհակալ կ՚ըլլաս, եւ արժանաւոր բան մը կը խնդրես:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ես գուշակ եմ մեր թաղին մէջ,
Սուրճ կը նայիմ տուներուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ողջախոհութիւն»ը կը նշանակէ՝ անձին ներքին միութիւնը իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր էութեան մէջ։ Ողջախոհութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ իր մէջ կը բովանդակէ անձին ամբողջականութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Մեծ հայր, դէպի ո՞ւր կը տանի սա ճամբան,- հարցուց փոքրիկ Վաղինակը։
-Սա ճամբան բաւական երկար է ու անծիր։ Ամէն մի ճամբայ կը նմանի խիտ ճիւղարձակած ծառի մը։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Գաղտնիք չէ, եւ նախորդ յօդուածներուս մէջ ալ նշած էի, որ Պոլիս ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու եւ տեղւոյն աւանդական հայութեան միջեւ կան որոշ անհամաձայնութիւններ եւ փոխըմբռնումի պակաս, որոնք նոյնիսկ երբեմն վէճի կամ անվստահութեան կրնան հասնիլ։ Տուեալ երեւոյթի մէկ-երկու պատճառներն ու ակունքները ներկայացուցած էի նախորդ յօդուածներուս մէջ, օրինակ՝ «հայկական բարոյականութիւն» եւ Հայաստանի որպէս «Հայրենիք» ընկալման ու անոր հանդէպ հոգատար վերաբերմունքի ակնկալիք՝ պոլսաբնակ «նոր» հայերուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոնսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց սփիւռքահայ յայտնի բժիշկ ու բարերար Կարօ Դերձակեանը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ամերիկահայ բժիշկին շնորհեց «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր մասնակցեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանի բացման նիստին եւ անոր յաջորդած պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Կրօնական ժողովէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

Երէկ երեկոյեան, Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Էյֆելի աշտարակը վարդագոյնով պատուած է, ի նշան աջակցութեան կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարի շարժման։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Փարիզի գլխաւոր տեսարժան վայրը՝ Էյֆելի աշտարակը, վարդագոյնով պատուած է, ի նշան աջակցութեան կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարի Octobre Rose (Վարդագոյն հոկտեմբեր) շարժումին։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

Իտալացի նկարիչ Տարիօ Կամփարին Իտալիոյ մէջ քաշանի միջոցով ստեղծած է շուէտուհի Կրեթա Թունպերկի վիթխարի դիմանկարը դաշտին վրայ։
«Ամբողջ գործընթացը շարունակուեցաւ 9-10 ժամ՝ առանց ընդմիջման: 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին երկկողմանի գործակցութեան ընդհանուր ընթացքը:
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովը՝ բազմակողմանի օրակարգով:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019

Ազգային մեծ ժողովի նոր նստաշրջանը սկսաւ հանդիսաւոր նիստով մը, որուն յաջորդեց ընդունելութիւն մը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կրկին շեշտեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) գագաթաժողովը։ Անդամ երկիրներու ղեկավարները արդէն ժամանած են Հայաստան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուին երկրի ղեկավարութեան կողմէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեծանուն արուեստագէտ Արթօ Չաքմաքճեան Գանատայի մէջ կնքած է իր մահկանացուն։ Յառաջացած տարիքի մէջ աշխարհահռչակ քանդակագործը հեռացած է աշխարհէն։ Արթօ Չաքմաքճեան հայկական սփիւռքի ամենավառ դէմքերէն մին էր եւ իր սերունդի ամենաուրոյն ներկայացուցիչներէն մին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ կարծես ծայր կու տայ անորոշութիւն մը:
Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ որոշեց հինգշաբթի կազմակերպել համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կորսուիլ, կորսնցնել, կորուստ ունենալ… մեծ մասամբ մարդուս ցաւ եւ վիշտ պատճառող այս իրողութիւնները անպակաս են մարդկային կեանքին մէջ։ Շահիլը, ունենալը, ունեցածը պահպանել որքան որ բնական է, կորսնցնելն ալ նո՛յնքան անխուսափելի է։

Էջեր