Արխիւ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այստեղ կը քնանան. անոնց անունները շատ են, իսկ անոնց մահը մէկ է: Յոգնած էին եւ մայրամուտը պզտիկ էր: Դիւրութեամբ ինկան եւ ոչինչ ըսին, քանի որ ժամադրութիւնը անակնկալ էր: Եւ ի՞նչ կ՚ըլլար՝ եթէ տեղեակ ըլլային:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հաւատը կ՚իրագործէ բարիին յաղթութիւնը։ Ներքին եւ գիտակցական հաւատքը մեր զգալի փորձառութիւններէն շա՛տ աւելի խոր, փառաւորեալ Քրիստոսի կեանքին մէջ կ՚երկարէ իր արմատները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր շատ մը ծնողներ կը հաւատան, որ զաւակ լոյս աշխարհ բերելէ ետք «իրաւունք»ը ունին անձնական կեանք ունենալու եւ սեփական հաճոյքներով զբաղելու, սակայն, Խրիմեան Հայրիկ այդպէս չի մտածեր. ծնողքին՝ թէ՛ հօր եւ թէ մօր համար ամէն բանէ աւելի առաջնահերթ պիտի ըլլայ զաւակը, որուն դաստիարակութեան համար պատասխանատու են։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութի քաղաքական օրակարգը միշտ ուղիղ համեմատութեան մէջ տարածաշրջանի գործօններուն հետ:
Տասնամեակներէ ի վեր Լիբանանի վրայ արտաքին ազդեցութիւններու սահմանափակման հարցը կը մնայ արդիական:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

գ. Հայրաբանական արմատները
Քրիստոնեայ մարդը պէտք է Եկեղեցւոյ հայրերու ճամբայէն ընթանայ, ինչպէս նաեւ ոչխարներու հետքերով… Այդ պատճառով, պէտք է ուսումնասիրէ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ իր բոլոր կատարած ձեռքբերումներով, միաժամանակ ամէն տեսակի արդարացի ջատագովութիւն առողջ քրիստոնէութեան եւ ուղղափառութեան, որով դէմ դրուած է հերետիկոսութիւններուն, որոնք դարերու ընթացքին պայքարած են եկեղեցիին դէմ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Աշխարհի մեծագոյն գիտամշակութային հաստատութիւններէն մէկը՝ Բրիտանական գրադարանը, «Britanahay Բրիտանահայ: Armenian and British» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէսով վերստին լուսարձակի տակ կը բերէ Միացեալ Թագաւորութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան միջեւ գոյացած բազմադարեան շփումներն ու դարաւոր կապերը։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Լեւոն Մեծ կ՚ըսէ. «Քրիստոնեա՛, ճանչցի՛ր քու արժանապատուութիւնդ։ Քանի որ հիմա մասնակից ես աստուածային Բնութեան, մի՛ վատասերիր վերադառնալով անցեալ կեանքիդ ստորնացումներուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ի տարբերութիւն անցեալի պատկանող համոզումներուն, Խրիմեան Հայրիկ կը հաւատայ, որ տունը կառավարողը ո՛չ թէ տղամարդն է, այլ կինը. Խրիմեան այդ մէկը կը կոչէ «արհեստ». «կնոջ մեծ ու առանձին արհեստն է տան կառավարութիւն, իմաստուն տնտեսութիւն, եւ մայրական դաստիարակութիւն»:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին երէկ հիւրընկալեց Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Մուհամմէտ Ռըզա Արիֆը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ Մոսկուա եւ Թեհրան կը ձգտին ամրապնդել իրենց յարաբերութիւնները։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վերջերս, հայ մամուլը գուժեց սփիւռքահայ եւ արեւմտահայերէնի բանիմաց, բժիշկ, ուսուցիչ, սրբագրիչ եւ «գրաւոր» յուշարար՝ տքթ. Արմենակ Եղիայեանի մահը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

Սպիտակ տան մէջ, անցեալ օգոստոսի 8-ին, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած գագաթաժողովէն հարիւր օր անց, Հայաստանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արձանագրեցին պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան երէկ մասնակցեցան Պելժիոյ «Թագաւորի օրուան» առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կոտայքի թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Եպսկ. Քարամեանի:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

1975 թուականի ամառն էր… Հայ Երուսաղէմը բացառիկ օրեր պիտի դիմաւորէր։ Արդէն ամիսներէ ի վեր համայնքը կը պատրաստուէր ընդունելու Անենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը եւ ազգիս մեծ բարերարները՝ որոնցմէ գլխաւորը տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Մարի Մանուկեաններն էին, որոնց բարերարութեամբ կառուցուեցաւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի ու ընծայարանի նոր շէնքը Հայոց վանքին ճիշդ դիմացը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025

Երէկ, համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պաքըրգիւղի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ուրախառիթ է, որ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացին պատկառելի տոկոսը հանգանակուեցաւ՝ շնորհիւ նուիրատուութիւններուն, որոնք կեդրոնացուեցան Տատեան վարժարանին ի նպաստ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին ընդունեց Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլը, որ իրեն ցաւակցութիւններ յայտնեց հօրը՝ Յակոբճան Մաշալեանի մահուան կապակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Աղօթքի նախաճաշ» նախաձեռնութեան մասնակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս նախաձեռնութեան առթիւ Հայաստան ժամանած են խումբ մը օտարերկրեայ հիւրեր, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Վեհարանի գահասրահին մէջ։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025

Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան 325-ամեակի յոբելենական շրջանին առթիւ վերջերս տեղի ունեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Ամերիկահայ բժիշկ-վիրահատ Ճոն Յովհաննէս Ներսէսեան միաբանութեան նուիրեց՝ հայ արուեստագէտներու 41 գեղանկարներ եւ այլ արուեստի գործեր։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ իրականութենէն ներս միշտ խնդրայարոյց կը մնան լրագրութեան եւ հրապարակագրութեան ոլորտները:
Կեղծ, ստապատիր, իրականութենէ զուրկ գրուածները կը համապատասխանե՞ն փնտռուածին. ո՞ւր է հայ մարդը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Այս կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցուեցաւ Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ։ Ինչպէս նախորդ կիրակիները, մեր վարչապետին դիմատետրի էջին վրայ ուղիղ հեռարձակուեցաւ այս պատարագը, որուն ներկայ էր նաեւ Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդ Տ. Արամ Արք. Մկրտչեան։ 

Էջեր