Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուս բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ արարածներուն։ Պօղոս առաքեալ «հաւատքի հնազանդութեան». (ՀՌՈՎՄ. Ա 5, ԺԶ 26) մասին կը խօսի իբրեւ «առաջին պարտաւորութեան» մասին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արտասովոր է նման արտայայտութիւն ունենալ, սակայն, պատերազմը միշտ բացասական ազդեցութիւն չ՚ունենար։ Մարդկային կեանքի մէջ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր պատահար՝ անկախ դրական կամ բացասական ըլլալէ, ծնունդ կու տայ լաւատես ու յոռետես մարդոց, որոնք կը յաջողին նոյն արդիւնքէն ամբողջութեամբ տարբեր արդիւնքներ ստեղծել:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի շաբաթավերջին Գումգաբու տուած այցելութիւնը զուտ քաղաքավարական կամ արարողակարգային բնոյթ չունէր։ Ամեն. Մաշալեան Պատրիարքին կողմէ իր հիւրընկալման արձագանգները կը շարունակուին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Գալֆաեան Ուխտի միաբաններէն Մայր Գայիանէ Տուլքատիրեանն ու ընտանեկան անդամները:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլուն, որուն կ՚ընկերանար անդամներէն Ռոպէր Կիւտիւճիւ:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք Մաշալեան ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները: Ներկայ էին նաեւ Տ. Մելքոն քհնյ. Փնարճեան եւ Արշաւիր սրկ. Պիւյիւքիշման:
Երէկ, Տ. Արամ արք. Աթէշեան քաղաքավարական այցելութիւններ տուաւ Տիարպաքըրի կուսակալ Մուրատ Զորլուօղլուին եւ քաղաքապետ Տողան Հաթունին: Նորին Սրբազնութիւնը շաբաթավերջին տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահած էր արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Ս. Զատկի շրջանին, Աշխարհամատրան կիրակիի շաբաթավերջին:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Սպանիոյ մայրաքաղաքը Մատրիտ։
Երէկ, Աշխարհամատրան կիրակիի առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան Ս. Պատարագի նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագիչն էր Տ. Շահէն քհնյ. Օհանեան:
Երախտագիտական նախաձեռնութիւն. Մկրտիչ Մարկոսեանի յիշատակին վարանուանուեցաւ առաձին բաժանմունք մը՝ հաշուի առնելով գրողի խորհրդանշական դերը:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ 2025 թուականի ամրան, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնները շրջադարձային պիտի ըլլան ամբողջ Հարաւային Կովկասի տեսակէտէ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ աշխատանքները կը շարունակուին՝ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրումը հնարաւորինս արագ իրականացնելու ուղղութեամբ:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
20 ապրիլը 1884-ի, ԺԹ. դարու տարեգրութեան մէջ, Սեբաստիոյ քաղաքի Բրգնիկ գիւղի ու պոլսահայութեան համար կը մնայ հայու հպարտանքով ճառագայթուն այն օրը, երբ Գրիգոր Չպուգքեարեանի ու Թագուհի Պաղտիկեանի ընտանեկան յարկին տակ լոյս-աշխարհ կու գար հանճարեղ Դանիէլ Չպուգքեարեան մանուկը.
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընդունեց Ալէն Սիմոնեանը, որ Գումգաբուի մէջ զրուցեց պոլսահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
«Իշխանութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ հարց մը գոյութիւն չունի, խօսքը կը վերաբերի անհատներու։ Պետութիւնն ու եկեղեցին պէտք է անջատ ըլլան երկկողմանի ձեւով։ Հայաստանը չի կրնար ունենալ երկու արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Լուծման համար անհրաժեշտ են փոփոխութիւններ։ Առկայ իրավիճակը ցաւոտ է ու կը կարգաւորուի ընտրութիւններէն վերջ»:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Ապրիլի քսանը անցաւ եւ սա, ինչպէս միշտ, յստակ օրակարգ մը կ՚առաջարկէ մեր առօրեային մէջ: Եթէ ձեր հեռաձայնին ընդմէջէն հայկական տարբեր գաղութներու լուրերուն կը հետեւիք, ուրեմն ձեր քով կամաց-կամաց ընթացք առած պէտք է ըլլան յիշատակի երեկոները, տարելիցի նշումները, ոգեկոչման ձեռնարկները…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Շղթայական բռնութիւնը, տնտեսական անարդարութիւնը եւ հասարակական հաղորդակցութեան խզումը այլեւս գաղտնիք չեն մեզմէ ո՛չ մէկուն համար։ Անոնք դարձած են մեր օրերու լուռ, բայց մշտական ուղեկիցները։ Սակայն, այս խորքային վէրքերը չեն բուժուիր կարճաժամկէտ լուծումներով կամ մակերեսային մեկնաբանութիւններով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեք պէտք չէ՛ մտածել, թէ ամուսնութեան՝ որպէս բնական ընկերութեան մը վրայ հիմնուած ընտանիքը տկարացնելը ընկերութեան նպաստող արարք մըն է։ Ընդհակառակը՝ ասիկա վնաս կը հասցնէ զաւակներուն զարգացման, հասունացումին, հասարակական արժէքներու մշակումին եւ անհատներու բարոյական զարգացումին եւ ազնուացման։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կրօնական առումով Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը ի՞նչ է… չե՛նք գիտեր. ոմանց համար ազատ կամքը, իսկ ուրիշներու համար սէրը՝ որուն մեծագոյն արտայայտութիւնն էր մարդանալն ու մարդոց մեղքերուն համար խաչ բարձրանալը։
Երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սեբաստահայերու նախաճաշը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն: Սեբաստահայոց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքը, որ համախմբեց Սեբաստիայէն սերած բազմաթիւ ընտանիքներու ներկայացուցիչները, ինչ որ առիթ դարձաւ աւանդութիւններու վերականգնման:
Եոզղատցի հայերու տարեկան աւանդական հաւաքը երէկ բացառիկ մթնոլորտի մը առիթ դարձաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս: Հարկ է նշել, որ Եոզղատցի հայերու հայրենակցական միութիւնը վերջերս պաշտօնական կարգավիճակ ձեռք բերած է: