Արխիւ
Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարեց, որ 2019 թուականին աւելի բարենպաստ միջավայր մը պիտի ստեղծուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն տեսակէտէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը յայտնեց, որ ինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացի վերջին միտումները։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը կ՚արժեւորուի զանազան ձեռնարկներով:
«Հայփոստ» գործակալութիւնը յոբելեանի առթիւ թողարկեց դրոշմաթուղթ մը, որ կնքուեցաւ մասնաւոր հանդիսութիւնով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը նախատեսուած է այս հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին։
ՍՕՔԱՐ եւ BP ընկերութիւնները կը ծրագրեն մինչեւ 2023 նաւթաքիմիական նոր համալիր մը կառուցել Ալիաղայի մէջ, Իզմիր:
Նախատեսուած վիթխարի կառոյցը պիտի համարկէ ՍԹԱՐ զտարանի արտադրանքն ու ՓԵԹՔԻՄ-էն ապահովուելիք բազմակողմանի հումքերը:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր աւանդական շուքով եւ հանդիսաւոր արարողութիւններով կ՚ոգեկոչէ նախասարկաւագը:
Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէկուան ժամերգութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուինք…» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 25-26)։ Աւետարանի այս հատուածը մարդուն արտաքին պէտքերուն եւ աստուածային նախախնամութեան իրարու հետ ունեցած կապակցութեան մասին է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, քանի որ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ Ինչ որ Հայրս ունի՝ իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 14-15)։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ. «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէ քանի մը խօսք սորված էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մեջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք, հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:
Յակոբ Պարոնեան
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ցարդ յայտնի չէ, որ ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռանալը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այդ երկրի ընդհանուր իրավիճակին վրայ… Սակայն մէկ բան յայտնի է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այդ մասին կատարած թուիթըրեան գրառումէն վայրկեաններ վերջ, լրատուական գործակալութիւններ ոչ միայն մեծ աղմուկ կը հանէին տեղի ունենալիք զարգացումներուն մասին, այլեւ լսելի կը դառնային այնպիսի տեսակէտներ, որոնց խորքը կարմիր բառերով գրուած էր՝ «Ամերիկան պարտուեցաւ Սուրիոյ մէջ»։
Վաստակաւոր գրող Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ մեծարուեցաւ Եշիլգիւղի սիրոյ սեղանին ժամանակ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով իրեն շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը իրեն յանձնուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Սուրբ Ստեփանոսի վերյիշման առթիւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն եւ վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղան Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ մէջ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն: Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու կապակցութեամբ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութիւններով։
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ պատմական հովուատան տեղը վերածուած է պանդոկի մը:
Նորայր Իշլէր շաբաթավերջին Գումգաբուի «1890 Suites»ի մէջ ընթրիքով մը մեծարեց համայնքային շրջանակները:
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչը կը վերադառնայ Երեւան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց Արսէն Աւագեանին:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այն զոյգերը, որոնք հաւասար ուժգնութեամբ բուռն կը վիճին, աւելի նուազ կը հիւանդանան, եւ աւելի քիչ հաւանական է, որ կանուխ մեռնին. կը հաստատէ ուսումնասիրութիւն մը, որուն մասնակցած են 192 զոյգեր, 32 տարուան ընթացքին:
Սակայն Արիզոնա համալսարանի դասախօս Քայլ Պուրասան կ՚ըսէ. «Զոյգերու միջեւ որքան աւելի անհաւասար ուժգնութեամբ ըլլայ բարկութեան պատասխանը, այնքան աւելի մեծ է կանուխ մահանալու վտանգը»:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս դէպքը պատահած է Աւստրալիոյ Քուինսլենտ շրջանին մէջ։ 32 տարեկան Սթեֆընի Էկնիու կ՚ամուսնանայ 49 տարեկան Ռապի Քէմփպելի հետ։ Սթեֆընի տուներու առուծախով կը զբաղի, իսկ Ռապի ոստիկան է։ Սթեֆընի բաց աչքերով (տես նկարը) կոյր մըն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
17 յունուար 2016-ին, հրթիռակոծման հետեւանքով նիւթական մեծ վնասներու կ՚ենթարկուէր Հալէպի հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին եւ փուլ կու գար կղմինտրածածկ առաստաղը: Եկեղեցիի բարեպաշտ ժողովուրդը ստիպուած կ՚ըլլար կիրակնօրեայ պաշտամունքը կատարել եկեղեցիի ներքնասրահին մէջ:
Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարուած է բացումը աւազէ վիթխարի քանդակի մը, որ կը պատկերէ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի աստուածաշնչեան տեսարանը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ պատուանդանին կարելի է տեսնել Յովսէփը, Մարիամը, հրեշտակները, հովիւներն ու կենդանիները եւ անշուշտ Յիսուս մանուկը:
Պոխումի համալսարանի դասախօսը կ՚արժեւորէ Սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը:
Միհրան Տապաղ. «Եթէ Հայաստանի պայմանները փոխուին, ապագային հայրենադարձութեան կարելիութիւն կը ստեղծուի»: