Արխիւ
«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»ը Հայաստանի Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին հետ համատեղ Մայիսի 7-ին Ծաղկաձորի մէջ պիտի կազմակերպէ «Քոնիաքի փառատօն», որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հովանաւորութեան ներքոյ։ Փառատօնին նպատակն է հայկական քոնիաքի միջազգային ճանաչման բարձրացումը, ինչպէս նաեւ աւանդական եւ նոր շուկաներու մէջ անոր հանրայնացումը:
Նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաքսի ազատ գօտիի նիւթական օժանդակութեամբ վերանորոգուած ցուցասրահին:
Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երէկ պաշտօնապէս ամփոփեց խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը։ «Արմէնփրէս» հաղորդումներով, քուէարկութեան վերջին արդիւնքի ամփոփման զուգահեռ՝ յայտնի դարձաւ նաեւ, թէ նուազագոյն պատնէշը յաղթահարած չորս կուսակցութիւնները քանի՛ աթոռ պիտի զբաղեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովէն ներս։
Խրուաթիոյ Սփլիտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ծանրամարտի առաջնութիւնը։ Շաբաթավերջին այս մրցաշարքին շրջագծով Հայաստան ապահովեց ոսկէ մետայլ մը։
Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ երկու եկեղեցիներ դարձան ահափեկչութեան թիրախ. 44 զոհ:
Եգիպտոսի մէջ երեք ամիս ժամկէտով արտակարգ դրութիւն հռչակուեցաւ: Վեհ. Հայրապետը ցաւակից Ղպտի պատրիարքին:
Ս. Զատկի տօնի սեմին «Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները շաբաթավերջին կազմակերպեցին գրքի համատեղ տօնավաճառ մը։ Կալաթասարայի Այա Փանայա յունաց եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ այս տօնավաճառը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։
«Էր Ֆրանս» օդանաւային ընկերութեան պաշտօնական ամսագրին մէջ անդրադարձ կատարուած է Հայաստանը զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ դարձնող տասն պատճառներու:
Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցի սաներուն տարեկան ուղեւորութիւնը:
Ապագայ դիւանագէտները շնչեցին Պրիւքսելի եւ Վիեննայի միջազգային կառոյցներուն մթնոլորտը:
Հայաստանի սուրիահայերը կը խրախուսուին երկրի տնտեսութեան համարկման ճանապարհին:
Սփուռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. «Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ խնդիրներու արագ եւ համակարգուած լուծման համար»:
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
«Անոնք, որոնք Յիսուսի առջեւէն կ՚երթային կամ կը հետեւէին իրեն, կ՚աղաղակէին. Ովսաննա՜ Բարձրեալին, օրհնեալ ըլլաս դուն, որ կու գաս Տիրոջ անունով. օրհնեա՜լ ըլլայ քու թագաւորութիւնդ, մեր հօր թագաւորութիւնը, որ կու գայ» (ՄԱՐԿ. ԺԱ. 9-10)։ «Եւ երբ Յիսուս աւելի մօտեցաւ Երուսաղէմի եւ տեսաւ զայն, լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ.- Գոնէ այսօր գիտնայիր, թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ խաղաղութիւնդ։ Բայց այլեւս պիտի չկրնաս տեսնել» (ՂՈՒԿ. ԺԹ. 41-42)։
Շուէտի մայրաքաղաքը՝ Սթոքհոլմի մէջ երէկ պատահեցաւ սարսափելի դէպք մը։
«Իքոթ» պետական հեռուստակայանի հաղորդումներով, չորս անցորդներ սպաննուած են, երբ մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ վրայերթի ենթարկուած են բեռնակառքի մը կողմէ:
Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը «Շիրինօղլու» սրահին մէջ հիւրընկալեց դպրոցի համակիրները, որոնց տրամադրութեան տակ դրուեցաւ ճոխ տեսականի մը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկեան մարմիններու կողմէ ձերբակալուելէն շաբաթներ առաջ Շէյխ Ապտիւլ Ռահման ելոյթ մը կ՚ունենար CNN կայանէն: Այդ ելոյթով էր նաեւ, որ պատասխանելով լրագրողի հարցումին կը յայտարարէր, որ ինք կտրականապէս դէմ է զինեալ որեւէ ձեւի գործունէութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի 40 օրերը կը հասնին ահաւասիկ իրենց լրումին։ Հայ Եկեղեցին կը բոլորէ 40 օրուայ պահեցողութեան շրջանը։ Այս շրջանը, ինչպէս յաճախ կը կրկնուի, ինքզինք զրկելու, հեռու պահելու շրջան մըն է աշխարհային շատ մը սովորութիւններէ, կերպով մը ընթացքը փոխելով կեանքին եւ ընդհանուր ապրելակերպին՝ գոնէ միջոցի մը համար։ Այս օրերը անցան նաեւ աղօթքով, բարեգործութեամբ, ներհայեցողութեամբ, ինքնաքննութեամբ, ապաշխարութեան անկե՛ղծ խոստովանութեամբ։
Համայնավարական բռնապետութեան տարիներուն նահատակուած հոգեւորականներու ոգեկոչում:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ հոգեհանգիստ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յուշապատին առջեւ:
«Հայփոստ»ը Մայիսին պիտի թողարկէ նոր նամականիշ՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ համագործակցութեամբ:
BBC հեղինակաւոր լրատուական կայքը՝ զբօսաշրջութիւն բաժնի մէջ՝ «Առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագրով յօդուած մը հրապարակած է՝ պատմելով Հայաստանի մասին:
Մոսկուայէն եւ Փարիզէն յայտարարութիւններ՝ անցեալ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի տարելիցին առթիւ:
Պապայեան. «Պէտք է վերականգնուի ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը»:
Սուրիոյ ներքին պատերազմը հետզհետէ աւելի բարդ իրավիճակի մը ծնունդ կու տայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը ռմբակոծեցին Սուրիան։ Այսպէսով Ռուսաստանէն վերջ ԱՄՆ-ն ալ աստիճանաբար ներգրաւուած եղաւ Սուրիոյ ռազմական գործողութիւններուն։
Վերջին օրերուն հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն Ալեքս Գալայճեան-Լիանա Գրիգորեան երիտասարդ ամոլը։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք մեր հիւրերուն հետ, որոնք մեզի յայտնեցին, թէ համացանցի միջոցաւ անմիջականօրէն կը հետեւին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Ալեքս Գալայճեան ծնած է Հալէպի մէջ ապա անցած է Պէյրութ՝ ուսում ստանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճեմարանէն ներս։