Արխիւ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ սկսան հոգեւոր դասեր։
Շաբաթավերջին Պաքըրգիւղի մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղան՝ ի նպաստ Տատեան վարժարանի։
Պատրիարքարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած սրբազաններու ժողովին առընչութեամբ շօշափեցինք կարծիքը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց հետեւեալը.
«Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Գերմանիայէ վերադարձին երեք սրբազաններով ունեցանք խորհրդակցութիւն մը։
Գերմանիայէ վերադարձին տեղապահ սրբազանը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարութիւններ ըրաւ՝ ընտրութեան գործընթացի վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան. «Ի պահանջել հարկին՝ յառաջիկայ շաբաթներուն ժամադրութիւն մը խնդրելու համար կրնամ դիմել կուսակալութիւն։ Նախաձեռնարկ մարմնի հրաժարեալ անդամները պէտք է սպասէին իմ Պոլիս ժամանելուս։ Անհրաժեշտ արժեւորումներու հիման վրայ այս մասին յայտարարութիւն մը պիտի ընենք մօտակայ օրերուն»:
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ այս պահու դրութեամբ կան նուազագոյն երաշխիքները, ուշ կամ կանուխ, պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար եւ ինք տակաւին կը սպասէ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երէկ երեկոյեան առիթն ունեցանք հեռաձայնի վրայ զրուցելու տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց մեր զրոյցը։ Երբ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ դարձեալ կուտակուած են հարցականները՝ այս զրոյցը անգնահատելի հնարաւորութիւն մըն էր մեզի համար։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին հերթական անգամ գիրք մը կը նուիրէ իր ընթերցողներուն։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Տեղապահը Գերմանիայէ վերադարձին մանրամասնօրէն վերահասու դարձաւ իր բացակայութեան օրերուն կուսակալութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած նիւթերուն: Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը փակուղիէ դուրս բերելու համար անհրաժեշտ քայլերը հաշուի առնուեցան առարկայականօրէն:
Նորին սրբազնութիւնը եւ կրօնական ժողովի ատենապետը երեկոյեան ժամերուն ալ հանդիպում մը ունեցան նախաձեռնարկ մարմնէն անձերու հետ՝ դիւանապետին ներկայութեամբ:
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օր-ուան տեւողութեան Փութին կը տեսակցի Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ կրօնապետ Այէթուլլահ Խամանէյի հետ։

Գործարար ու հասարակական գործիչ Օսման Քավալա ձերբակալուեցաւ՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ ձեռնարկուած հարցաքննութեան ծիրին մէջ։ 19 Հոկտեմբերին ան առնուած էր հսկողութեան տակ։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպուած յանցագործութիւններու բաժանմունքը Քավալան հսկողութեան տակ առած էր ՖԵԹԷՕ-ի 17-25 Դեկտեմբերի դաւադրանքներուն եւ 15 Յուլիսի պետական հարուածի փորձին բերումով ձեռնարկուած հարցաքննութեան շրջագծով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Փարիզ, ուր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս կը մասնակցի կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովի 39-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադառնալով՝ Ալիեւ դարձեալ կանգ առաւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Պաքուի մէջ:
Ամենայն սրբոց տօնին օրը Նիւ Եորքի մէջ արիւնալի դէպք մը պատահեցաւ. 8 զոհ եւ 15 վիրաւոր:
Մենհեթթընի պատահարէն վերջ Թրամփ յայտնեց, որ պիտի չարտօնեն՝ որպէսզի ԻՇԻՊ վերադառնայ ԱՄՆ:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երբ խօսքը կը վերաբերի հարստութեան բաժանումին, Ռուսաստան աշխարհի ամենէն անհաւասարակշիռ հիմնական երկիրներէն մէկն է: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քառորդ դար ետք դրամատիրութիւնը վրէժխնդրութեամբ ժամանեց:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր ամսուայ մէջ՝ բարեբախտութիւնը ունեցայ ճամբորդելու Ճաբոն, բարեկամիս՝ Արա Կէպէշեանի հետ։ Թէեւ մեր ճամբորդութեան տեւողութիւնը միայն մէկ շաբաթ էր, սակայն մենք առիթը ունեցանք այցելելու հինգ քաղաքներ եւ վայելելու Ճաբոնի բնական գեղեցկութիւնն ու վերահաս դառնալու Ճաբոնի ժողովուրդին կենցաղին եւ յատկապէս ճաբոնցիին նկարագրին։

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Իւրաքանչյուր մարդ կ՚ուզէ մարդկութիւնը փոխել. սակայն ոչ ոք կը մտածէ նախ ինքզինք փոխելու մասին»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ դիտա՞ծ էք մարդիկ՝ որոնք նոյն փողոցին կամ նոյն ճամբուն վրայ, նոյն ուղղութեամբ կը քալեն։ Անոնցմէ ոմանք արագ արագ, ոմանք բաղդատաբար աւելի դանդաղ կը քալեն։ Ուրիշներ կ՚աճապարեն, կան նաեւ, որ ճամբուն մէջտեղ կը կանգնին՝ կարծես անորոշութեան մէջ իրենց յարմար ուղղութիւն մը կը փնտռեն։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ քաղաքս։ Ինչպէս ծանօթ է, ան շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր կը գտնուէր Գերմանիոյ մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն Թորոս Աբիկի, Թեքին Տեմիրճեանի, Կարապետ Մխալեանի եւ մեր համայնքէն այլ խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ։
Հայաստանի մէջ կը նորոգուի Արտաւազիկ եկեղեցին, որ կառուցուած է 7-րդ դարուն։ Ան կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղին մէջ։ Այստեղ վերականգնման աշխատանքներ առաջին անգամ կ՚իրականացուին։
Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին կապակցութեամբ Ռուսաստանի մէջ Նոյեմբերի 15-23 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մշակոյթի օրեր։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի Թեմի առաջնորդի օրհնութեամբ եւ ԱՐՏ PR ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Կիւմրիի Ս. Աստուածածութիւն (Եօթ Վէրք) եկեղեցւոյ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի բացառիկ համերգը։