Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Քալան» երաժշտական հաստատութիւնը վերջերս թողարկած է Ս. Պատարագի սկաւառակ մը։ Մեծանուն երաժիշտ Էտկար Մանասի տարբերակն է այս մէկը, որ «Քալան»ի կողմէ դրուած է երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ։
Կը տեղեկանանք, որ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը յաջողած է դրական ենթագետին մը պատրաստել Իսթանպուլի Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ վերջին տարիներուն ձեռնարկած համատեղ աշխատանքին շնորհիւ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան մեզի յայտնեց, որ մօտաւորապէս հինգ տարիէ ի վեր Քաղաքի մասնաւոր վարչութեան հետ ծաւալուն աշխատանք կը տանին՝ ապահովելու համար Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շէնքի վերանորոգութիւնը։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ախպար» թերթը անդրադարձած է Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած «Հարաւի պիենալ»ին, որուն մէջ տեղ գտած են «Արարատ լերան 11 տեսարանները» լուսանկարչական շարքը (Ժիլպէռ Հաժ), ինչպէս նաեւ՝ Սինթիա Զաւէնի գործերը: Յապաւումներով կը ներկայացնենք թերթին յօդուածը:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին շնորհանդէսը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ականաւոր հայ նկարիչ, հայ պատմանկարչութեան ժանրի հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանցի ստեղծած «Սալոմ» կտաւը 110 տարեկան է:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ցուցադրուող այս կտաւին առջեւ դիտողը անպայման պահ մը կը կանգնի:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պատեանս նեղ է
ինչո՞ւ...
սենեակներուն պատերը սրընթաց
դէպի զիս կ՚արշաւեն
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի կարիքները, մանաւանդ հոգեմտաւոր ապրումներու մէջ, կարելի է խտացնել երեք բառերու մէջ՝ «գիր», «գիրք» եւ «մա՛րդ»։ Եւ ահաւասիկ այս երեք գաղափարներուն մէջ է ամփոփուած Թարգմանիչներու մեծգործութիւնը։
Խրիմի Սեպաստապոլ քաղաքին մէջ իրականացուած է «Խրիմի աստղ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, որու ընթացքին յաջողութութիւններ արձանագրած են նաեւ հայ արուեստագէտները։
Հայ մեծ բանաստեղծ, արձակագիր, հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանի մահուան 60-րդ տարելիցը լրացաւ Հոկտեմբերի 17-ին։
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ, վերջերս, Տաթեւի վանական համալիրի բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական ազգային ակադեմական երգչախումբին համերգը։
Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վիթոլտ Վաշչիքովսքի վաղը Երեւան պիտի այցելէ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Գործարար Օսման Քավալա, որ կը գլխաւորէ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան վարչութիւնը, հսկողութեան տակ առնուեցաւ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ։
Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճիհանկիրի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգարա։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ անմիջապէս լուսաբանութիւն մը հրապարակեց Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի վերջին յայտարարութիւններուն շուրջ:
Նորին սրբազնութիւնը կը հերքէ պնդումները, ըստ որոնց ինք խուսափած է ընտրութեան ձեռնարկելէ ու կը շեշտէ, որ վերջին իրադարձութիւնները կ՚արդարացնեն զինքը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական Աթոռի սրբազաններէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենայ բանավէճ մը։ Առճակատում մը չէ այս մէկը, այլ՝ կարծիքներու հրապարակային փոխանակում մը։ Նման ծանր իրավիճակներու մէջ թէեւ մամլոյ միջոցաւ կամ հրապարակաւ տեսակէտներու փոխանակումը շատ յաճախ կրնայ այդքան ալ նպատակայարմար չըլլալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, այս պարագային կայ բացառութիւն մը։
Պոլսոյ պատրիարքը գահակալութեան երդումը կատարելու ժամանակ կ՚ուխտէ, որ պիտի աշխատի մեր համայնքի հաստատութիւններու շահերը եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Հասկնալի ու բնականոն երեւոյթ մըն է այդ մէկը։ Պատրիարքը այդ շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ հասկնալի է նաեւ, որ պէտք է աշխատի պետութեան հետ։
Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համագործակցութիւնը կը խորանայ բոլոր ուղղութիւններով:
Հուլուսի Աքար, Վլատիմիր Չաչիպայա եւ Զաքիր Հասանով անդրադարձան ռազմական կապերու հեռանկարներուն:
Այսօր առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց ռուսահայ յայտնի բարերար ու գործարար Լեւոն Հայրապետեան, որ 1949 թուականին ծնած էր Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Հայկական 4-րդ համաժողովին
Նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի Ժընեւի նախընթաց օրուան կարեւոր հանդիպման լոյսին տակ դրական ակնկալութիւններ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը եւ ԵԱՀԿ-ի աւստրիական նախագահութիւնը ողջունեցին գագաթաժողովը ու շեշտ դրին խաղաղութեան պատրաստութեան վրայ: