Արխիւ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը խոր­հիմ. մարդ թէ՛ չար եւ թէ՛ բա­րի, թէ՛ ան­գութ եւ թէ՛ գո­րո­վա­լից կրնա՞յ  ըլ­լալ։ Ան­շուշտ որ բա­ցար­ձակ ճիշդ ար­դիւն­քի մը հաս­նիլ կա­րե­լի չէ՛ այս մա­սին, ինչ­պէս մարդ­կա­յին բնու­թեան ա­մէն վի­ճա­կին, բայց մօ­տա­ւո­րա­պէս գա­ղա­փար մը գո­յաց­նել կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ, երբ մարդ էա­կի բնու­թիւ­նը ու­սում­նա­սի­րուի տար­բեր ե­րե­սակ­նե­րով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցաւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը։ Հա­յոց հա­ւատ­քի հօր՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի մուտն ի վի­րա­պի յի­շա­տա­կին տե­ղի ու­նե­ցան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց հան­դի­սա­պեց եւ քա­րո­զեց Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի աԱտե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

Sayın Aram Ateşyan srpazanın vilayete randevu başvurusu, 31 Mart 2017 Cuma saat 14.30 için kabul edildi ve üç kişilik bir dini heyet, Aram srpazan, ben (Sahak Maşalyan srpazan) ve peder Drtad Uzunyan vali yardımcısı sayın Aziz Mercan tarafından makamında ağırlandık. Dostane sıcak bir sohbet ortamında gerçekleşen görüşmede sayın vali yardımcısı patriklik seçimine ilişkin son gelişmelerle ilgili devletimizin bazı hassasiyetlerinden söz ettiler.

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

ՀՈ­ԳԵՇ­ՆՈՐՀ
Տ. Ե­ՂԻ­ՇԷ ՎԱՐ­ԴԱ­ՊԵՏ ՈՒՉ­ՔՈՒ­ՆԵԱՆ
ԿՈՍ­ՏԱՆԴ­ՆՈՒ­ՊՈԼ­ՍՈՅ ՀԱ­ՅՈՑ ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔՈՒ­ԹԵԱՆ
Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԱ­ԿԱՆ ՀԱ­ՄԱ­ԳՈՒ­ՄԱՐ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻ Ա­ՏԵ­ՆԱ­ՊԵՏ

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քեպսկ. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թիւն, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Գերշ. Տ. Սա­հակ Ս. Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի եւ Ա­տե­նադ­պիր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ըն­դու­նուե­ցաւ Փոխ-կու­սա­կալ Տիար Ա­զիզ Մեր­ճա­նի կող­մէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեծ պահ­քի շրջա­նի վե­ցե­րորդ Կի­րա­կին է՝ «Գալս­տեան Կի­րա­կի»ն։ Այս շրջա­նը կը վեր­ջա­նայ այս վե­ցե­րորդ Կի­րա­կիին յա­ջոր­դող շա­բա­թով։ Այս վեր­ջին՝ վե­ցե­րորդ Կի­րա­կին կը պատ­մէ Յի­սուս Քրիս­տո­սի երկ­րորդ Գա­լուս­տը։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին Գա­լուս­տը ե­ղաւ Իր մարմ­նա­ցու­մով ու մար­դե­ղու­թեամբ՝ փրկե­լու հա­մար մարդ­կու­թիւ­նը, անդ­րա­դարձ­նե­լու եւ զգու­շաց­նե­լու հա­մար զա­նոնք։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վա­ղը՝ Կի­րա­կի, 2 Ապ­րի­լին, Հա­յաստա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քուէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի ընտ­րեն քսան­­հինգ տա­րիէ ի վեր ան­կախ երկ­րի նոր խորհր­դա­րա­նը:

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րուն փտա­ծու­թիւ­նը հա­մա­տա­րած ե­րե­ւոյթ դար­ձած է: Դժբախ­տա­բար կրթա­կան աս­պա­րէզն ալ զերծ չէ մնա­ցած այդ կոր­ծա­նա­րար ախ­տէն:

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

Կրնա՞յ սուտ մը ան­մեղ ըլ­լալ։
Կրօն­ը կ՚ար­գի­լէ։
Օ­րէն­քը կը դա­տա­պար­տէ։
Ոչ ոք կը սի­րէ սու­տը։
Ոչ ոք կը յար­գէ ստա­խօ­սը եւ սա­կայն, այս կամ այն պատ­ճա­ռով բո­լորս ալ կ՚ը­սենք սու­տեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ հա­յե­րէն-չի­նա­րէն ա­ռա­ջին բա­ռա­րա­նը, ո­րու հե­ղի­նակն է Լի­լիթ Յա­կո­բեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խըն­թաց օր «Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս բա­ռա­րա­նին շնոր­հան­դէ­սը։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

Վաղը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք նոր փուլ մը կը բնորոշեն պետականաշինութեան ճանապարհին:
Իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը ժողովուրդին փոխանցեցին իրենց պատգամը՝ երկրի ապագային մասին տեսլականներով հանդերձ, կառավարման նոր համակարգի մը հաստատման ընդառաջ:

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017

Պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացէն ներս իրարու կը յաջորդեն իրադարձութիւններ, որոնք կրնան ստեղծել անցումային շրջանի նոր պայմաններ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ներկայացաւ Իսթանպուլի կուսակալութիւն, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Եկեղեցական համագումարի դիւանի ատենադպիր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի: Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան գիր մը ուղարկեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեղապահ ընտրուելուն առթիւ:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան ա­շա­կերտ­նե­րու ուղ­ղեալ յա­ջոր­դական շա­հե­կան բա­նա­խօ­սու­թիւն­ներ: Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­ղե­ցոյց կեդ­րո­նի կար­գադ­րու­թեամբ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցէն եր­կու մաս­նա­գէտ­ներ տղոց հիմ­նա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ար­բուն­քի շրջա­նի մա­սին:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Պա­քըր­գիւ­ղի մաս­նա­ճիւ­ղը նա­խըն­թաց օր պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար։ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան Ֆլո­րիա­յի ըն­կե­րա­յին հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ սար­քուե­ցաւ ընթ­րի­քը, ո­րու պա­տուոյ հիւրն էր Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

Tanrı’nın izniyle ilk görev olarak, 15 Mart 2017 tarihinde İstanbul’da ya­pılan Değabah seçiminde lehime oy veren ve vermeyen tüm din görevlisi kar­deşlerime şükranlarımı sunmak isterim. Uzun zamandır beklenen Patrik seçiminin ilk adımı olan ve bir hazırlık mahiyetini taşıyan Değabah seçi­min­de onurla ve makamlarına yaraşır bir sorumlulukla davranmışlardır.

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը երէկ Քէօլնէն հրապարակեց ուշագրաւ ու ծաւալուն զեկոյց մը:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը թուարկէ իր լիարժէք պաշտօնավարութեան համար նուազագոյն պայմանները:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

Ար­ցա­խը զա­նա­զա­նու­թիւն կը մտցնէ զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նի մէջ. բա­ցի կրօ­նա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը զար­գաց­նել, զարկ կը տրուի զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տին մէջ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րը իբ­րեւ զբօ­սաշր­ջա­յին ար­դիւնք ներ­կա­յաց­նե­լու գոր­ծըն­թա­ցին:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի նոր ղե­կա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րուե­լէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց ա­մե­րի­կեան վար­չա­խում­բէն բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար մը։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

Ընտրեալ-տեղապահը երէկ երեկոյեան հեռաձայնով կապուեցաւ «Լոյս» համացանցային հեռուստաժամէն սփռուած յատուկ ծրագրին՝ Կիրակի նախատեսուած Իսթանպուլ ժամանման ընդառաջ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յոյս յայտնեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ տեսակցելով, եղբայրական ոգիով քննարկումներով կրնան լուծել հարցերը: Նորին Սրբազնութիւնը Ծաղկազարդի տօնին պիտի գտնուի Մարսէյլի մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի կող­մէ ե­րէկ մեր հա­մայն­քին խտա­ցեալ ձե­ւով փո­խան­ցուե­ցան պատ­գամ­ներ։ Տե­ղա­պահ ընտ­րուե­լէ վերջ ան զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով հրա­պա­րա­կած էր իր տե­սա­կէտ­նե­րը՝ լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րու կամ զե­կոյց­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Էջեր