Արխիւ
Յունաստանի Տիմեթոքա քաղաքէն ներս երէկ հրդեհ մը ծագեցաւ Եւրոպայի հնագոյն մզկիթներէն մէկուն մէջ։ Այսպէս, 1420 թուականին կառուցուած օսմանական «Պայազիտ» մզկիթէն ներս ծագեցաւ այս հրդեհը։ Յիսունչորս հրշէջներ գործի լծուեցան՝ քսաներեք մասնաւոր ինքնաշարժերով մարելու համար այս հրդեհը։
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը երէկ տեղեկացուց, թէ ձերբակալուած է Սամուէլ Պապայեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պաշտպանութեան նախարարներէն մին է ու արժանացած՝ Արցախի հերոսի կոչման։ Ան ձերբակալուած է մաքսանենգ ճանապարհով, Վրաստանի վրայով Հայաստան «Իկլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր փոխադրելու հարցին շուրջ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս։
Տէր Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգութեան աշխատանքները աւարտեցան:
Երուսաղէմի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ համաքրիստոնէական նշանակութիւնով արարողութիւն մը:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-նախագահ ու վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, Տուպայիի կառավարիչ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Ռաշիտ Էլ Մաքտումի հետ։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան մատնանշեց, որ խոստմնալից հունով կ՚ընթանան կողմերու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ իրականացուող ձեռնարկները։
Լոնտոնի մէջ երէկ պատահած ահաբեկչական յարձակումը խոր ցնցում պատճառեց համայն աշխարհին:
Անգլիոյ խորհրդարանի շէնքին մօտ տեղի ունեցաւ աննկարագրելի արարք մը, որուն զոհ գնաց հինգ հոգի:
Յայտնի դերասանուհի Անի Իփեքքայա նախընթաց օր զրոյցի մը մասնակցեցաւ Գալֆաեան Տան սաներուն հետ։ Ան վարժարան այցելեց ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին։ Իր ներկայութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութսալի մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Հանգուցեալ Տիգրան Սարկաւագեան-Արզուեանի յիշատակին կազմակերպուած այս երրորդ մրցաշարքը տեւեց 16 շաբաթ։
Երեւանի մէջ այս շրջանին յառաջ կը տարուի «Հայաստանաբնակ կարիքաւոր սուրիահայերու բժշկական աջակցութիւն» խորագրեալ ծրագիր մը, որ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Իզմիրլեան բժշկական կեդրոնէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ այս ծրագրի մեկնարկին եւ համապատասխան համագործակցութեան յուշագրի ստորագրման արարողութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն ամսավերջին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Կը նախատեսուի, որ պետական քարտուղարի այցը տեղի ունենայ Մարտի 30-ին։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ապու Տապի, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոխ-վարչապետ ու նախագահական հարցերով նախարար Շէյխ Մանսուր Պին Զաիտ Էլ Նահեանի հետ։
Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը երէկ նախաստորագրուեցաւ:
Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան մէջ նոր էջ մը կը բացուի ներկայ փաստաթուղթով:
Պատրիարքարանի վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքին օրակարգը։ Ինչպէս երէկ հաղորդած էինք, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Քէօլնէն նամակ մը ուղարկած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին եւ փափաք յայտնած էր՝ ունենալ իր կողմէ ժամադրութիւն ապահովելու համար Եկեղեցական համագումարէն օր մը վերջ կուսակալութեան ուղարկուած դիմումնագիրը։
Euronews-ի կայքէջը դրուատիքը կը հիւսէ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքին՝ Սուրբ Ղազարին՝ որպէս Եւրոպայի ժառանգութեան մաս:
Յառաջիկայ Սեպտեմբերին նախատեսուած են շարք մը ձեռնարկներ՝ 300-ամեայ յոբելեանի պատշաճ շուքով տօնախմբման համար, մինչ աշխարհի վրայ կը գործեն չորս վարժարաններ:
ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԲԵՆԴԵԶԵԱՆ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վարդապետութեան, ինչպէս նաեւ ծիսական ու քարոզչական կեանքին կարեւորագոյն բաժինը կը հանդիսանայ պահեցողութեամբ ու ծոմապահութեամբ ամրապնդել հաւատացեալին հոգեկան աշխարհը եւ անոնց ընդմէջէն զարկ տալ անոր հաւատքի առողջ աճման:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կամք»՝ իր լայն առումով կը նշանակէ կամեցողութիւն, բաղձանք, նաեւ՝ հոգեկան եւ իմացական զօրութիւն՝ որոշ ուղղութեամբ մը գործելու։ Կամքը կ՚ենթադրէ տրամադրութիւն, դիտաւորութիւն եւ մտադրութիւն եւ այս իմաստով «կամք»ը հոգեկան եւ իմացական ո՛ւժ մըն է։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՄԻԼԻՏՈՆԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ինքնութեան ու միասնութեան ապահովման գործին մէջ դարերէ ի վեր անփոխարինելի եղած է մշակոյթի ու գրականութեան դերը: Բազմիցս ատիկա տեսանելիօրէն ապացուցուած է ու հաստատուած:
Forbes հեղինակաւոր ամսագիրը Երկուշաբթի հրապարակած է տոլարային միլիառատէրերու ամէնամեայ համաշխարհային ցուցակը:
Այս ցուցակին մէջ ներառուած է ռուսաստանաբնակ երեք հայ գործարար:
Կիւլպէնկեան հիմնարկը յամառ աշխատանք կը տանի լեզուի ծրագրերուն համար:
Երրորդ «Ուիքի ճամբար»ը այս ամառ նախատեսուած է Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքին մէջ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայկական լրագրական աշխարհի երէց դէմքերէն մին՝ Վանիկ Սանթրեան։ Սովետական լրագրական դպրոցէն հասած վարպետ մամլոյ սպասաւոր մըն էր ան։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Անթոնիօ Կութերէս անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առկայ վիճակին: