Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Թիլըրսընը:
Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ ծանրակշիռ խնդիրները քննարկուեցան բոլոր մանրամասնութիւններով ու առաջնահերթութիւններու ընդգծումով:

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018

Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի նշել թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակը։ Այս կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը պաշտօնի կոչած է կարգադիր յանձնախումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի դպրոցի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018

Վճռաբեկ ատեանին արձակուած դատավճիռով՝ Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի կողմէ 3 Յուլիս 2014 թուականին կատարուած դիմումով ձեռնարկուած իրաւական պայքարը տուաւ դրական արդիւնք:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերը միշտ կը դառնան ուշադրութեան առարկայ:
Լոս Անճելըսի նշանաւոր «Ապրիլ» գրատան երդիքին տակ բոլոր հատորները կը տրամադրուին գրասէրներու:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած լարուած կացութիւնը կը քննարկուի բոլոր երեսակներով ու հաւանական հետեւանքներով:
Պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ, Նուրետտին Ճանիքլի եւ Ճէյմս Մաթիս երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Բարեկենդանի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ խրախճանք մը։ Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարուան Բարեկենդանի խրախճանքն ալ տօնական մթնոլորտի առիթ հանդիսացաւ դպրոցէն ներս։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Գուգարաց թեմի առաջնորդը՝  Պատրիարքարանի իրադարձութիւններուն շուրջ:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան խստիւ կը քննադատէ Կրօնական ժողովի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ ամերիկահայ համայնքի նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն Տքթ. Շէյտա Մելքոնեան վերջին շրջանին կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք ու որպէս հոգեբան՝ մանաւանդ Լոս Անճելըսի շրջանէն ներս կը դասուի իր ոլորտի յառաջատար մասնագէտներու շարքին։ Շէյտա Մելքոնեան ուսում ստացած է հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ եւ ներկայիս կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին տա­րուան ըն­թաց­քին ու­նի պա­հե­ցո­ղու­թեան զա­նա­զան ա­ռիթ­ներ, ո­րոնք տար­բեր ա­նուա­նում­ներ ու­նին, ինչ­պէս՝ Օ­րա­կան, Քա­ռաս­նոր­դա­կան, Յիս­նա­կաց, Նա­ւա­կա­տեաց, Ա­ռա­ջա­ւո­րաց եւ Շա­բա­թա­կան։
Նախ­քան ման­րա­մա­սու­թիւն­նե­րուն անց­նի­լը, փոր­ձենք հասկ­նալ, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ պահք եւ ին­չո՞ւ հա­ւա­տա­ցե­լը պէտք է պահք պա­հէ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ո՛վ որ ծա­րաւ է՝ թող ին­ծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ին­ծի կը հա­ւա­տայ, ինչ­պէս Սուրբ Գիր­քը կ՚ը­սէ.- Ա­նոր սիր­տէն կեն­սա­տու ջու­րի գե­տեր պի­տի բղխին», (ՅՈՎՀ. Է 37-38)։
­Տա­ղա­ւա­րա­հաց տօ­նը, գա­ւառ­նե­րու ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­րու մօտ էր բե­րած, ա­նոնք ե­կած էին կրօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցե­լու, եւ կեան­քը կը շա­րու­նա­կէր իր սո­վո­րա­կան ըն­թաց­քը վրան­նե­րու տակ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ ներդրումներու ազատականացման եւ պաշտպանութեան համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու կառավարութիւնները համաձայնութեան հասած են ներդրումները ազատականացնելու, խրախուսելու եւ փոխադարձաբար պաշտպանելու ուղղութեամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր Պերլինի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս կարեւոր տեսակցութեան ընդառաջ Պինալի Եըլտըրըմ հարցազրոյց մը տուաւ ARD գերմանական հեռուստակայանին եւ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ բացուի նոր էջ մը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018

Իսրայէլի խորհրդարանը երէկ մերժեց հայկական բանաձեւ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քնեսեթ նախապէս ալ մերժած էր հաւանութիւն տալ հայկական բանաձեւերու եւ 1915 թուականի դէպքերը որակել՝ որպէս ցեղասպանութիւն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Այս ամբողջէն ներս նախատեսուած են նաեւ իր շփումները Թուրքիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան նորընտիր վարչութիւնը երէկ հիւրընկալեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները։ Ինչպէս ծանօթ է, միութեան նորընտիր վարչութիւնը վերջին շրջանին աշխոյժ թափով յառաջ կը տանի բազմակողմանի շփումներ համայնքային շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Սփիւռքի նախարարութիւն:
Կարէն Կարապետեան. «Լայն հնարաւորութիւններ կան՝ ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու համար մեր հայրենակիցները»:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւ աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Ուղեւորութեան ծրագրի շրջագծէն ներս պուլկար ղեկավարը այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տեառնընդառաջը՝ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի՝ տաճար ընծայման տօնը։ Այս առթիւ երէկ երեկոյեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ ազդարարուեցաւ այս կարեւոր տօնը։ Երեկոյեան ժամերգութեան յաջորդեց նախատօնակը, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի կարգը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ Պատրիարքարանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ թողուց տեղապահի պաշտօնը, երէկ հրաժեշտ առաւ քաղաքէս։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ իրեն ողջերթ մաղթեցին խումբ մը համակիրներն ու Սուրբ Խաչ դպրեվանքի շրջանակներէն դէմքեր։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 14, 2018

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ուշ գիշերին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք այս  լուսաբանութիւնը։

Էջեր