Արխիւ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւքի բանաստեղծութիւններու ժողովածոյին շնորհանդէսը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ականաւոր հայ նկարիչ, հայ պատմանկարչութեան ժանրի հիմնադիր Վարդգէս Սուրէնեանցի ստեղծած «Սալոմ» կտաւը 110 տարեկան է:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ցուցադրուող այս կտաւին առջեւ դիտողը անպայման պահ մը կը կանգնի:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պատեանս նեղ է
ինչո՞ւ...
սենեակներուն պատերը սրընթաց
դէպի զիս կ՚արշաւեն
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքի կարիքները, մանաւանդ հոգեմտաւոր ապրումներու մէջ, կարելի է խտացնել երեք բառերու մէջ՝ «գիր», «գիրք» եւ «մա՛րդ»։ Եւ ահաւասիկ այս երեք գաղափարներուն մէջ է ամփոփուած Թարգմանիչներու մեծգործութիւնը։
Խրիմի Սեպաստապոլ քաղաքին մէջ իրականացուած է «Խրիմի աստղ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, որու ընթացքին յաջողութութիւններ արձանագրած են նաեւ հայ արուեստագէտները։
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնը, որուն կը մասնակցին նաեւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։
Կրօնական ժողովի ատենապետը մանրամասն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ փակուղիին շուրջ:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը խօսի նոր տեղապահի մը ընտրութեան, նոր նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման հնարաւորութիւններուն շուրջ: Նորին սրբազնութիւնը չի բացառեր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ համագործակցութիւնը, ինչ որ կը համարէ բնական: «Այս օրերուն մեզի սիրոյ եւ միութեան ջանքեր պէտք են՝ որպէսզի կամրջենք պառակտումի խրամատերը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հնգօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Վեհափառ Հայրապետը Պերլինի մէջ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերուն հետ կը մասնակցի Եւրոպայէ ներս Ռեֆորմի 500-ամեայ յոբելեանի յիշատակութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած պաշտօնական ձեռնարկներուն։
Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի համագործակցութիւնը կը խորանայ բոլոր ուղղութիւններով:
Հուլուսի Աքար, Վլատիմիր Չաչիպայա եւ Զաքիր Հասանով անդրադարձան ռազմական կապերու հեռանկարներուն:
Այսօր առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքեց ռուսահայ յայտնի բարերար ու գործարար Լեւոն Հայրապետեան, որ 1949 թուականին ծնած էր Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի Հայկական 4-րդ համաժողովին
Նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի Ժընեւի նախընթաց օրուան կարեւոր հանդիպման լոյսին տակ դրական ակնկալութիւններ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը եւ ԵԱՀԿ-ի աւստրիական նախագահութիւնը ողջունեցին գագաթաժողովը ու շեշտ դրին խաղաղութեան պատրաստութեան վրայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ»ը՝ որ կը պատշաճի ներկայ «Մշակոյթի Շաբթուան» ոգիին, եւս կ՚անդրադարձնէ -Թարգմանչաց ոգիին- կարեւորութեան եւ մանաւանդ անհրաժեշտութեան մեր մշակութային-հասարակական կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման կենսական գործին։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կարծիք յայտնողներու եւ կեանքի տեսութիւն պարզողներու թիւը ներկայ դարուս բաւականին աճած է։ Կարծիք յայտնողները, չունենալով հիմք ու նախընթաց, այստեղ-այնտեղ կը շաղփաղփեն եւ կը փորձեն անժամանցելի արժէքները իմաստազրկել։
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Այնքա՜ն հարուստ, հաւասարակշռուած, պարփակ իր գիտութեամբ, հնչիւնով, գիրով եւ խօսքով, որ դարձած է ազգերու նախանձի առարկայ:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին Սրբոց Թարգամանչաց արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան։

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ յայտնի գործարար Րաֆֆի Քալփաքճըօղլու, որու կորուստը մեծ ցաւ պատճառած է թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ բարեկամական շրջանակին։ Րաֆֆի Քալփաքճըօղլուի մահը անժամանակ է որոշ չափով։ Ճիշդ է, որ ան շատ երիտասարդ տարիքի մէջ չէր, սակայն միւս կողմէ 70 տարեկանին ալ չէր հասած։

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրն ու խորհուրդի սիւներէն Ազնիւ Մեծատուրեանը եւ Քարէն Թերզեանը։ Այս Կիրակի տեղի պիտի ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Մանուկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայ Մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանրային դասախօսութիւն մը՝ «Հայ Երուսաղէմը» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր բանասէր, հայագէտ, աստուածաբանական գիտնական եւ համալսարանի դասախօս Աբրահամ Տէրեան, որ ծնած է 1942 թուականին, Եաֆա (ներկայիս՝ Թել Աւիւի մօտ, Իսրայէլ), աւարտած է Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, իսկ 1970 թուականին՝ Միչիկընի համալսարանը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ), եւ վերջապէս 1981 թուականին՝ Պազելի համալսարանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առանձնասենեակին մէջ փիլիսոփայ, եկեղեցիին մէջ եկեղեցական ապրեցէ՛ք»։ Այս խօսքը իր մէջ կը բարացուցէ բո՛ւն իսկ հոգեւորականը։ Ուստի Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեանի համար կրօնքը ո՛րքան «աստուածային յայտնութիւն» մըն է, ա՛յնքան ալ «ընդունակութիւն»՝ մարդուն կողմէ այդ յայտնութիւնը ըմբռնելու եւ իւրացնելու։