Արխիւ
Այս շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ պիտի նշուի Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը:
Պետրոս Շիրինօղլուի հովանաւորութեամբ ելոյթ մը պիտի ուենանայ «Քատանս» սենեկային երաժշտութեան նուագախումբը:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլու տեղեկացուց, որ 22 Հոկտեմբերին նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրըկնալելու Տատեան վարժարանի սաներէն Տեսիլ Գարան եւ Քեւըն Պաշըպիւյիւքը։ Ուսուցչուհիներ՝ Ժպտուն Զուռնաճըի եւ Երանուհի Պալճըի ուղեկցութեամբ տղաքը փութացին մեր այցելութեան։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անգլիա այցելութեան ժամանակ առիթն ունեցանք տեսնելու բրիտանացի աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Շէյքսփիրի տուն-թանգարանը՝ Սթրաթֆորտ Էյվըն քաղաքին մէջ, որ Լոնտոնէն 150 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ է, բայց գնացքներն ու ճեպընթացները հեզասահ կը հասնին երկրի որեւէ անկիւն՝ անցնելով պատմական Անգլիոյ հրաշագեղ վայրերէն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց ««Արարատ»ի բնագիրները» երկհատորեակի առաջին հատորը։ «Արարատ»ի ժառանգութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած 10-րդ հրատարակութիւնն է այս մէկը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արձակուրդի շրջանը վերջացաւ, եւ ինչպէս որ կեանքի մէջ ամէն բան սկիզբ մը եւ վե՛րջ մը ունի, ահաւասիկ արձակուրդն ալ սկսաւ եւ վերջացաւ։ Բայց ասիկա ո՛չ վըճ-ռական սկիզբ մը եւ ոչ ալ վերջ մըն է. կեանքի մէջ ո՛չ սկիզբները կը վերջանան եւ ոչ իսկ «վերջ»երը։
Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին միջոցառումներու շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ թանկոյի շաբաթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի մօտ Արժանթինի դեսպան Կոնզար Ուրրիոլապեիտիա խօսեցաւ երկու երկիրներու միջեւ բազմամեայ բարեկամութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ երկկողմանի երկարատեւ եւ կայուն դիւանագիտական յարաբերութիւններուն։
Հոլիվուտի առասպելական աստղերէն Ճոն Մալքովիչ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած հինգերորդ միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի կ՚ունենայ յայտնի արուեստագէտին այցելութիւնը։ Ան հանդէս կու գայ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին բացաւ նոր եղանակը։ «Մարալ»ի մեծ ընտանիքը աշխատանքի ձեռնարկեց նոր եղանկին ընդառաջ՝ նոր եռանդով ու թարմ ուժերով։ Խումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան սիրով ողջունեց համոյթի բոլոր անդամները, որոնց թիւը կը հասնի 200-ի։
Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հաստատութեան հիմնադրութեան 130-ամեակին ձօնուած «Հայ դպրոցը» ներկայացումը շաբաթավերջին կրկնուեցաւ Հարպիյէի «Քենթէր» թատրոնի բեմին վրայ։ Պատուոյ հիւրերն էին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած սիրոյ սեղանին ընթացքին աշակերտներու ելոյթները ստեղծեցին բարձր տրամադրութիւն:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:
Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի նոր հանդիպման շուրջ մօտաւոր ապագային կ՚ակնկալուին տուեալներ:
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւններ։ Անցեալ տարի այս գերեզմանատան մէջ բացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեաններու յուշադամբանը՝ ստեղծուած անոնց շիրմին հիման վրայ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ եւ «Հայճար»ի ջանքերով կանգնուած այդ կոթողին բացումը կատարուած էր Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը։
Թուրքիա աշխուժօրէն կը զօրակցի Ազատ Սուրիոյ բանակի դէպի Իտլիպ ձեռնարկած գործողութիւններուն:
Անգարա եւ Մոսկուա զուգահեռ աշխատանքներ կը տանին անվտանգութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Լեզուաբանութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է լեզուի ծագման հարցը։ Այս հարցը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է շատ վաղ ժամանակներէ ի վեր։ Տարբեր ժամանակներուն մարդիկ տարբեր բացատրութիւններ տուած են լեզուի ծագման մասին, սակայն այդ պատասխաններուն ոչ մէկը կարելի է կատարեալ համարել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սէուտական Արաբիոյ Սելման պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորի Մոսկուա տուած այցելութիւնը տակաւին երկար ժամանակ պիտի դառնայ վերլուծողներու եւ քաղաքական մեկնաբաններու ուշադրութեան կեդրոն:
«Ճինիշեան» հիմնարկը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը՝ Հայաստան ուխտագնացութեամբ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ տեսակցեցաւ հաստատութեան շարք մը պատասխանատուներուն հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հաւանաբար չի՛ գտնուիր մէկը՝ որ քաղաքս բնակի եւ պատեհութիւնը ունեցած չըլլայ Կալաթասարայէն մինչեւ Թաքսիմ՝ պարզ պտոյտի մը համար եւ կամ գործի բերմամբ, եւ կամ այն պատճառով, թէ բնակարանը այդ կողմերն է, անցնիլ եւ դիտել իր շուրջը։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
2018 թուականին «Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին համար կատարուած է 750 առաջադրում, որոնցմէ 509-ը՝ չկրկնուող թեկնածութիւններ: