Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի շրջանաւարտներու հանդէսը։ Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին տղաքը բարձր գնահատանքի արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

Մխիթարեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտիզպանուհիներէն Թանիա Փաքէրթիքի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հանդիսութիւնը, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

Շիշլի մարզակումբի ճատրակի մարզիկները վերջին օրերուն կարեւոր նուաճումներ ունեցան։ Ակումբի պատանի մարզիկներէն Տանիէլ Պետրոս Ճամկէօզ մասնակցեցաւ Պէյօղլուէ ներս կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանին։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Քիշնեւի մէջ կայացած հնգակողմանի հանդիպումը իբրեւ երեւոյթ քանի մը հանգամանք կը պարզէ:
Նախ պէտք է նկատել՝ առաջին անգամն է, որ հնգակողմանի ձեւաչափով տեղի կ՚ունենան բանակցութիւնները:

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

Սփիւռքի միակ բարձրագոյն ուսման հաստատութենէն այս տարի 132 ընթացաւարտ վկայուեցաւ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները՝ փառաշուք հանդիսութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

Վերընտրեալ նախագահին առաջին այցերը՝ դէպի Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն եւ Ատրպէյճան:
Ալիեւ ամոլը երէկ երեկոյեան Պաքուի «Կիւլիստան» պալատին մէջ պաշտօնական ընթրիքով մը մեծարեց Էրտողան ամոլը:

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն պատուիրակութիւն մը։ Հիւրերը գլխաւորեց Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կաճառի խորհուրդի նախագահ Չարլզ Ղալեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

Շաբաթավերջին Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը յաջող համերգով մը հանդէս եկաւ, ինչ որ գտաւ լայն արձագանգ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը։ Այսպէս, խորքին մէջ ընկերային ու բնապահպանական զգայնութիւններու հետամուտ ծրագիր մըն էր այս մէկը։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը կը շարունակուի՝ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային տնտեսական ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգով։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

Ֆրանսական մամուլին մէջ վերջերս լոյս տեսած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Ֆրանսուա Սիւրօ կ՚ըսէր հետեւեալը. «Գրականութիւնը ժամանց մըն է, միջոց մը ժամանակէն անդին անցնելու համար»։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Ս. Պատարագի արարողութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն:
Մայր Աթոռը կը շարունակէ անհանգստութիւն յայտնել Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան շուրջ:

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը» թուայնացուցած է արեւմտահայ գրականութեան դասականներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ներկայ ժամանակներուն բնութեան հաւասարակշռութիւնները արագօրէն կը փոխուին, կենդանի տեսակներ կ՚անհետանան, տեղի կ՚ունենան աննախադէպ բնական աղէտներ եւ անոնց քանակն ու սաստկութիւնը օրէ օր կը մեծնան:

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Միջին դարու վերջաւորութենէն սկսեալ իմաստասիրութեան ընկերային եւ քաղաքական կարեւորութիւնը հետզհետէ կորսնցուցած կ՚երեւի։ Միջին դարու երեւելի իմաստասէրներէն William Ockham (1300-1349), Keiser-ի կողմէ Պապի հանդէպ գիրեր գրելու նպատակով վարձուած, կաշառուած էր։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ազգի վիճակը լաւապէս հասկնալու եւ մենք զմեզ լաւապէս ճանչնալու համար պէտք է մեր պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրել ու քննել: Չեմ գիտեր ինչու, յաճախ հայոց պատմութիւն ըսելով լոկ հայոց ցեղասպանութիւն, Վարդանանց ճակատամարտ ու նման մի քանի յատկանշական դէպքեր կը յիշենք, մոռնալով, որ ազգի մը պատմութիւնը մի քանի դէպքերէն անդին, իր մարդոց առօրեայով կարելի է լաւապէս հասկնալ:

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

2019 թուականին Լիբանանի տնտեսական տագնապի սրումէն ի վեր երկրի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին՝ Ռիատ Սալամէիի անունը որպէս մեղաւոր դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2023

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին առթիւ։ Բաժակի պահուն բոլորը յարատեւութիւն մաղթեցին իրենց սիրեցեալ դպրոցին։

Էջեր