Արխիւ
ՅԱԿՈԲ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը՝ մանաւանդ անոր մտածող մասը, փորձառութեամբ գիտէ, որ երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կամ անոր վարչախումբին անդամներէն մէկը կամ միւսը ներքին ճակատի վրայ աղմկայարոյց խնդիր մը նետեն հրապարակ, չարագուշակ բան մը կը պատրաստուի արտաքին ճակատին վրայ:
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջին օրերուն բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ կիպրահայութեան համար։
Միջազգային բեմահարթակի վրայ ՄԱԿ-ի համակարգը վերջին շրջանին հետզհետէ աւելի հրատապ ձեւով կը հարցաքննուի։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ։
Անգլիոյ մէջ երէկ սարսափազդու դէպքերու շարան մը պատահեցաւ, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ միջազգային հարթութեան վրայ։ Այսպէս, իրերայաջորդ դէպքերը պատահեցան երկրի հիւսիսի Նաթինկհըմ քաղաքին մէջ, որ ունի 300 հազար բնակչութիւն։ Յարձակումներն ու ոճրագործութիւնները խուճապ յառաջացուցին քաղաքէն ներս։
Ռուսաստանի «Կազփրոմ» ընկերութիւնը վերջերս առաջարկներ ներկայացուցած է՝ Թուրքիոյ մէջ բնական կազի հանգոյց մը ստեղծելու գաղափարին շուրջ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կը ծաւալուի։
«Թուրքիա պատրաստ է ամէն պահ բանալ Շուշիի իր հիւպատոսարանը՝ երբ որ Ատրպէյճան փափաքի»:
Նախագահներ Էրտողան եւ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ դարձեալ անդրադարձան Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած միաբանական համագումարի արձագանգները կը շարունակուին։ Մինչ այդ, միաբանական համագումարի եզրափակիչ փուլին հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցան՝ Միջնախակրթարանային մտախաղերը, որոնք առիթ հանդիսացան մեծ ոգեւորութեան։ Հարկ է նշել, որ սոյն մրցոյթը այս տարի չորրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ համագործակցութեամբ Թրքական ուղեղի ակումբի եւ անոր յարակից հրատարակչութեան։
SEV-ի երէկուան համագումարը թէեւ հերթական էր, սակայն բնորոշուեցաւ արտասովոր իրադարձութիւններով:
Արէտ Երկանեան եւ Հայկ Ասլանեան բաւ համարեցին իրենց ծառայութիւնը: Նոր շրջանը՝ Սիմոն Արթուչի գլխաւորութեամբ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կ՚աճապարենք։
Դէպի ո՞ւր... մենք ալ չենք գիտեր։
Մեր աչքը կը յագենայ ոչ մէկ բանէ։ Զարմանալի արարած մը։ Աստուած աշխարհի երեսին մեզ ընծայեց անսահման իշխանութիւն։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Մինչեւ հիմա տակաւին,
Անհամբեր մանկան մը նման,
Կը սպասեմ, որ երկինքէն,
Փայլուն աստղ մը սահի վար,
Որ իր բոցովը կարմիր,
Սփռէ իր լոյսը կրկին,
Չոր քարերուն իմ քաղաքին,
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ամուսնութիւնը հին դարերու ընթացքին: Բազմայրութիւն եւ բազմակնութիւն: Ամուսնանալու երեք կերպերը. առեւանգում (աղջիկ փախցնել), գնում (պաշլըղ) եւ փոխադարձ համաձայնութիւն: Կնոջ դրութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հալածանքներ իր զօրացման հասաւ 1701 թուականին, երբ Երզնկացի Աւետիք եպիսկոպոսը՝ Կարինի առաջնորդը իբրեւ պատրիարք Պոլիս կանչուեցաւ։ Պատրիարքը իբրեւ պատասխանատու անձը Օսմանեան կառավարութեան առջեւ Հայ ժողովուրդի համար՝ կամեցաւ վերջ դնել նոր կրօնական պառակտման։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բոլորս ալ լոյս աշխարհ կու գանք մեր կամքէն անկախ եւ աշխարհագրութիւնը որուն մէջ մեր աչքերը կը բանանք, կը նկատենք բախտ կամ ճակատագիր: Սակայն իրականութեան մէջ մարդուն կեանքը բարելաւողը այդ աշխարհագրութիւնը չէ, այլ մարդը ի՛նքն է իր կեանքը բարելաւողը:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի շրջանաւարտներու հանդէսը։ Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին տղաքը բարձր գնահատանքի արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտիզպանուհիներէն Թանիա Փաքէրթիքի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հանդիսութիւնը, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի մարզիկները վերջին օրերուն կարեւոր նուաճումներ ունեցան։ Ակումբի պատանի մարզիկներէն Տանիէլ Պետրոս Ճամկէօզ մասնակցեցաւ Պէյօղլուէ ներս կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանին։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Քիշնեւի մէջ կայացած հնգակողմանի հանդիպումը իբրեւ երեւոյթ քանի մը հանգամանք կը պարզէ:
Նախ պէտք է նկատել՝ առաջին անգամն է, որ հնգակողմանի ձեւաչափով տեղի կ՚ունենան բանակցութիւնները:
Սփիւռքի միակ բարձրագոյն ուսման հաստատութենէն այս տարի 132 ընթացաւարտ վկայուեցաւ:
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները՝ փառաշուք հանդիսութեամբ: