Արխիւ

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022

Անդրանիկ հովուապետական այցելութիւն՝ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցի, Հրաշափառի արարողութիւն:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ հարաւի մեր եկեղեցիներու ծխական խորհուրդներուն հետ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահներուն Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումէն բխած հաղորդագրութիւնը ոչինչ կ՚ըսէ Արցախի հակամարտութեան մասին: Պարզ է, սակայն, որ քննարկումներ եղած են Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ եւ յատկապէս թրքական միջնորդութեան՝ ո՛չ միայն հրադադարի, այլեւ հացահատիկի համաշխարհային տագնապի լուծման, Լիպիոյ մէջ թրքական գործօնին վերաբերեալ խնդիրներուն եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն առընչութեամբ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022

Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը Ֆէնէրի մէջ հիւրընկալած է Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Էլփիտոփորոս Մետրապոլիտը։ Այս հանդիպումը տեղական մամուլին մէջ ալ արձագանգ ստեղծած է։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի անմիջական շփումներով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ շուրջ ութ ամիսէ ի վեր աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2022

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք, որ նախորդեց Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին։ Այսպէս, յետմիջօրէին Գնալըի բարձունքին համախմբուեցան բազմաթիւ պատանի հաւատացեալներ, որոնք եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան աղօթքի։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցեալին տարբեր էր ամէ՛ն բան՝ մինչեւ իսկ տարբեր էր հայ կինը, որուն մասին երաժշտահանը հպարտութեամբ կը կոչէր. «ամէ՛ն մի կին մի ֆիտայի տնաշէն...». պատմութեան մէջ հայ կնոջ դերը տարբե՛ր է միւս ազգերու կիներէն, որոնք համեմատած հայ կնոջ, ունեցած են աւելի բարեբաստիկ կեանք մը:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այսպիսով ի յայտ եկաւ չարը, ինչ որ կը նշանակէ «չ-արարած», «ոչ արարած»: Սուրբ Գիրքի մէջ կը կարդանք. «Աստուած ինչ որ ստեղծեց՝ բարի էր»: «Բ-ար» կը նշանակէ բնական արարած, Աստուծոյ արարած, Աստուծոյ կողմէ տրուած բնութիւն, էութիւն:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2022

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ կազմակերպուած ուխտագնացութեան ծիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ շփումներ ունեցաւ Մերսինի մէջ:
Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունուեցաւ կուսակալին եւ գլխաւոր քաղաքապետին կողմէ, յետոյ յաջորդաբար այցելեց Սուրբ Միքայէլ յոյն ուղղափառ եւ Սէն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցիները:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այսօր հայ տաղանդաւոր քանդակագործ, արձաններու եւ գեղարուեստական քանդակներու հեղինակ Թերեզա Միրզոյեանի 100-ամեակն է: Արուեստագիտուհին կեանքէն հեռացած է 2016 թուականին՝ 94 տարեկանին:

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2022

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2022

Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» յօդուածներու ժողովածոն երէկ Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթով մը։
Հատորը բազմակողմանի աշխատանքով կազմած բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ այս օրերուն հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի, պոլսահայ ընթերցասէրներու հետ բաժնեց իր խորհրդածութիւնները՝ մանաւանդ հեղինակին ծանօթանալու հնարաւորութեան եւ վառ տպաւորութիւններուն լոյսին տակ։
Արամ Կոստանեանի ուրոյն ոճով մէջբերումները դուռ բացին յօդուածագրի մտահորիզոններուն հաղորդ դառնալու։ Փոքրիկն Նայիրա Այտընի երաժշտական կատարումները արժանացան ծափահարութիւններու։

 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արդէն իսկ մի քանի օրեր ետք հագուստէն կախուած աւելորդ կտորի մը պէս կտրուելով մի քանի շրջաններ եւս կը բաժնուին մեր սահմաններէն, որուն դիմաց բազմահազար երիտասարդներ, որպէս բողոք եւ ընդվզում իրենց տրտունջը կը ներկայացնեն Հայաստանի զանազան սրճարաններուն մէջ զուարճանալով:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէն՝ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի «Հայերը եւ վախճանաբանութիւնը» գիրքէն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Քենթըրպըրի քաղաքի Քենթ համալսարանէն ներս, Անգլիա, վերջերս տեղի ունեցաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու 15-րդ միջազգային համաժողովը։ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյննները փոխանցեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Շիշլի մարզակումբը այս տարի իսկական յաղթարշաւ մը կ՚իրականացնէ։ Ակումբի զանազան խումբերը ցարդ բաժակներ, մետայլներ եւ ախոյենութիւններ նուաճած են։ Մինչ այդ, Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին նաեւ ակումբի ամառնային դասընթացները, որոնք պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստան կը ձգձգէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովին համար Անգարա այցելած Ճէյհուն Պայրամով միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ իր երկիրը յամենայնդէպս փոխադրական հաղորդակցութիւն պիտի հաստատէ Նախիջեւանի հետ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

«Euronews» համաշխարհային յայտնի հեռուստակայանը վերջերս առանձնապէս անդրադարձաւ Հայաստանի գինեգործութեան բնագաւառին եւ աւանդութիւններուն։ Ներկայիս միջազգային լրահոսին մէջ Հայաստան թէեւ առաւել չափով հրատապ քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներով կը յիշատակուի, սակայն, «Euronews»ի այս հաղորդումը կազմած է բացառութիւն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցչի տեղակալ Քորթնի Օսթրիան Վիեննայի մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ խտացեալ մարտերուն կապակցութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին ան կրկին ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բոլոր հարցերու բանակցային ճանապարհով լուծումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Անգարա եւ Պաքու միշտ շփման մէջ տարածաշրջանի յետպատերազմեան իրադրութեան կապակցութեամբ:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններուն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 10, 2022

Ուղ­ղա­փա­ռաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քը ե­րէկ Իս­թան­պու­լի հրշէջ գուն­դին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ Պա­լըք­լըի յու­նաց հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ծա­գած հրդե­հի մար­ման ժա­մա­նակ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը այս առ­թիւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ճան Ա­քըն Չաղ­լա­րի, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի տե­ղա­կալ Մու­րատ Եա­զը­ճըի եւ Իս­թան­պու­լի հրշէջ գուն­դի բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Ռեմ­զի Ալ­պայ­րա­քի կող­մէ։

Էջեր