Արխիւ
Հայաստանի ֆութսալի դաշնակցութիւնը կը կազմակերպէ կանանց ֆութսալի բաց առաջնութիւն։ Սոյն մրցաշարքը տեղի կ՚ունենայ երեք՝ մինչեւ 12, մինչեւ 15 եւ 15-էն բարձր տարիքային խումբերու համար։
Կեանքէն հեռացաւ Գորիսի տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեան։ Գորիսի «Վ. Վաղարշեան» տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեանի մահուան մասին կը տեղեկացնէ թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը։
Համերգ-ցուցահանդէս՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներուն։ Այսօր՝ դեկտեմբերի 2-ին, ժամը 16.00-ին, Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը կը հրաւիրէ մասնակցելու Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներու՝ հռչակաւոր երաժիշտներ Կարէն Խաչատուրեանի 100-ամեայ եւ Էմին Խաչատուրեանի 90-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած համերգ-ցուցահանդէսին։
Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը հանդէս կու գայ հետաքրքրական նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, չնայած համավարակին, պատերազմին, մշակութասէր հանրութեան աջակցելու նպատակով Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը կը շարունակէ բուռն գործունէութիւն ծաւալել:
Համավարակ, պատերազմ, բայց Պարոնեանի անուան թատրոնին նոր ներկայացման փորձեր կ՚ընթանան։ Այսպէս, Հայաստանի «Յակոբ Պարոնեան» երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնը տակաւին մարտ ամիսին պէտք էր թատերասէրներու դատին յանձնէր Ռոտոլֆօ Սանթանայի ստեղծագործութեան հիման վրայ բեմադրուած «Յարդասենեակ կանանց համար» ներկայացումը:
Երեւանի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Երէկ ալ՝ մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցան նման ցոյցեր, որոնց միջամտեցին իրաւապահ մարմինները։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Այս առթիւ ան ուշադրութիւն հրաւիրեց Ատրպէյճանէ ներս գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցին վրայ։
Փորձառու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեան Արցախի լայնածաւալ պատերազմով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ հարցազրոյց մը տուաւ BBC-ին։ «Մենք նոյնիսկ մեր յաղթանակը վերածեցինք պարտութեան։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի ընթացքին հետեւելու համար ստեղծուելիք համատեղ կեդրոնի հարցին շուրջ:
Անգարա եւ Մոսկուա ի վերջոյ պայմանաւորուեցան ռազմակայանի գործունէութեան շուրջ: Ատրպէյճանի բանակը Լաչին մտաւ: Թուրք զինեալ ուժերը կը մասնակցին ականազերծման աշխատանքներուն:
Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ փութաց՝ հացադուլ յայտարարած գործիչներու այցելութեան։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, կառավարութեան շէնքի դիմացը հացադուլ յայտարարած քաղաքացիները Նորին Սրբութեան հայրական վերաբերմունքին առարկայ դարձան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վերջին շրջանի յայտարարութիւններով դարձեալ Թուրքիոյ օրակարգին վրայ բերած է ժողովրդավարութեան կատարելագործման եւ այս ուղղութեամբ նոր բարեփոխումներու իրականացման հարցը՝ որպէս յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւն։ Ըստ երեւոյթին, այս ծիրին մէջ կը վերարժեւորուին երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու առկայ խնդիրները։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքները կը շարունակեն բնորոշել համահայկական օրակարգը։ Թէ ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ եղաւ այս ձախողումը եւ ինչպիսի՞ ապագայ մը կը սպասէ Հայաստանի…
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Յիսուս ըսաւ անոնց.
-Ան՝ որ սկիզբէն իսկ կը խօսէր ձեզի հետ» (Յհ 8.25):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կարո՞ղ է ամէն բան գիտնալու, կարելի՞ է, որ մարդ «ամենագէտ» ըլլայ։ Մարդ, քանի որ դարերէ՜ ի վեր կը շարունակէ սորվիլ, այս կը նշանակէ, որ գիտնալու եւ սորվելու համար տակաւին շա՜տ դարերու, շրջաններու պէտք ունի ան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ կան որ երկու վանկով ամէնուն սիրտը իրենց կը գրաւեն. իսկ ընդհակառակը քառասուն տարի խօսողներ ալ կան, որ ունկնդիր մը չեն կրցած գտնել։
Անշուշտ, ամէն մարդ խօսիլ կ՚ուզէ, շատ բնական է ասիկա, եւ կամ ըսենք, խօսիլ կը փորձէ, բայց քիչ մարդ կայ որ խօսելուն կերպը գիտէ։
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանը։ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստան ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը փոխադրող օդանաւով ան մեկնած էր Երեւան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։
Երեւանի կեդրոնին մէջ բողոքի ցոյցերը եւ երթերը իրարու կը յաջորդեն։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաքի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ համախմբուեցան երկրի մտաւորականութեան եւ գեղարուեստական աշխարհի ներկայացուցիչները, որոնք եւս բարձրաձայնեցին իրենց մտահոգութիւնները քաղաքական փակուղիին բերումով՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած։
Մոսկուայի մէջ հաւաք. «Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ՝ համազօր է ազգային աղէտի»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ռուսահայ գործիչներու ներկայութեամբ կրկնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Հայոց Առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու յիշատակի տօնը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։