Արխիւ
Դիմակը 65 առ հարիւրով կը նուազեցնէ «COVID-19»ի տարածման ռիսքը։ Այսպէս, ամերիկացի փորձագէտներ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ դիմակ կրելը 65 առ հարիւր կը նուազեցնէ քորոնաժահրի տարածման հաւանականութիւնը։
Թեքսասին կը մօտենայ «Հաննա» արեւադարձային փոթորիկը։ Այսպէս, «Հաննա» արեւադարձային փոթորիկը ձեւաւորուած է Մեքսիքայի ծոցին մէջ:
Կեանքէն հեռացած է երգիչ Պորիս Դաւիթեան՝ Պոկա։ Մահացած է խորհրդահայ երգիչ, հեղինակ-կատարող Պորիս Դաւիթեան, որ երաժշտասէրներու լայն շրջանակին ծանօթ է Պոկա կեղծանունով:
Սեւանի երաժշտական դպրոցի սաները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն՝ միջազգային մրցոյթ-փառատօնի մէջ։ Այսպէս, Հայաստանի Սեւան քաղաքի «Վալերի Սարգսեան» երաժշտական դպրոցի սաները առաջին հանդիսացած են «Արթ Միւզիք» արուեստի մրցոյթ-փառատօնի ընթացքին, որ տեղի կ՚ունենայ միջազգային ձեւաչափով:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ վերջին երեք օրերու ընթացքին նոր դէպքերը առաւել չափով աճած են Անգարայի, Քոնիայի, Շանլըուրֆայի, Պաթմանի, Ատանայի, Կեսարիոյ եւ Էրզրումի մէջ։ Յունիսի 1-էն ի վեր 1043 հիւանդ մահացած է համաճարակի հետեւանքով։ Անոնց շարքին 136-ը 65 տարեկանէ վար է։
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոն համալրուեցաւ Գէորգ Բաշինջաղեանի գործով:
Աւագեաններու ընտանիքը յաձնեց 1910 թուականին ստեղծագործուած «Աշունը» կտաւը, որ եզակի նմոյշ մըն է:
Չավուշօղլու եւ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ քննարկելով տարածքաշրջանային հարցեր:
«Գործադրել հաւասարակշռուած մօտեցումներ եւ զսպող ազդեցութիւն ունենալ՝ հակամարտ կողմերու վրայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առիթը լաւագոյն կերպով օգտագործել իմաստութիւն կը պահանջէ։ Այն որ իմաստուն է, կ՚օգտագործէ առիթը։ Կեանքի մէջ, մարդուս առիթներ կը ներկայանան եւ ոմանք կ՚անդրադառնան անոնց՝ կ՚օգտագործեն զանոնք եւ դէպի երջանկութիւն կը շարունակեն իրենց կեանքի ճամբան։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Քանի՞ Նուիրապետական Աթոռներ ունի Հայ Եկեղեցին։
Պատասխան. Հայ Եկեղեցին ունի չորս նուիրապետական աթոռներ, որոնք են.
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Պտղաշատ էր մեր այգին: Տեսակ-տեսակ խնձորենիներ, տանձենիներ, սեւ ու սպիտակ թթենիներ, վիթխարի թզենի, հրապոյր բալենի մը, որ ամէն ամառ կը զարդարուէր իր անմահական պտուղներով. պնդուկի, արքայանարինջի, զկեռի ու հոնի ծառեր: Չմոռնամ նշել ազնուամորիի ու երկու-երեք տեսակ խաղողի թուփերը:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Գնալը կղզիի մէջ կեանքի կոչուեցաւ ընկերային պատասխանատուութեան հետաքրքրական ծրագիր մը։ Այսպէս, ակումբի երիտասարդաց յանձնախումբը հանդէս եկաւ «Մաքուր պահենք մեր կղզին» կարգախօսով եւ կղզիի տարածքէն ներս կազմակերպեց աղբահաւաք։
Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Նաթան Քահանայ Արապեանի։ Մեր եկեղեցիներու պաշտամունքի վերաբացման զուգահեռ հաւատացեալներն ալ մասնակցեցան արարողութեան՝ յարգելով քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի նախազգուշական միջոցները։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
21-րդ դարուն, երբ քաղաքաշինութիւնը հասած է բարձրագոյն մակարդակի, կը բարելաւուին ժամանակակից քաղաքներուն տեսքը եւ նորեր ի յայտ կու գան, անդին գոյութիւն ունին լքուած քաղաքներ, որոնք ժամանակին եղած են շէն ու մարդաբնակ, իսկ այսօր դատարկ են ու լքուած: Զանազան պատճառներով կը լքուին քաղաքները: Հիմնական պատճառը անշուշտ, ապրելու պայմաններուն բացակայութիւնն է, բայց կան նաեւ պատերազմներու, բնաջնջումներու, աղէտներու, տնտեսական անկումի պատճառով քաղաքը լքելու պարագաներ:
Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց Անգարայի մէջ՝ արժեւորելով քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս ստեղծուած վերջին վիճակը։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան մասնաւորապէս իսլամական աշխարհի մօտալուտ Քուրպանի տօնին առթիւ ձեռք առնուելիք նախազգուշական միջոցները։
Այա Սոֆիայի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ առաջին ուրբաթի աղօթքը՝ սրբավայրի մզկիթի կարգավիճակի վերահաստատուելէն վերջ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն թափով նախապատրաստական աշխատանքներ տեղի կ՚ունենային՝ Այա Սոֆիայի պաշտամունքի վերաբացման ընդառաջ։
Քապաթաշի նաւամատոյցի պարանասիւնը այս առաւօտ տեղէն դուրս եկաւ նաւու մը կայանման պահուն:
Հէյպէլի կղզիի բնակիչ տքթ. Էֆրամ Զեքի Ճանկիւլ վիրաւորուեցաւ եւ անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Զօհրապ Մնացականեան յատկապէս ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան անփոխարինելի դերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Քիեւի մէջ Փարաճանովի նուիրուած յուշ-երեկոյ տեղի ունեցած է։ Այսպէս, Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի հնագոյն Ս. Սոֆիա տաճար-թանգարանին մէջ համաշխարհային շարժանկարի մեծ վարպետ, աշխարհահռչակ բեմադրիչ, նկարիչ Սերկէյ Փարաճանովի մահուան 30-րդ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ կազմակերպուած է:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ արդէն չէ մնացած խտացեալ խնամքի տակ գտնուող հիւանդ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։