Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետը:
Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Մահմուտ Ապպասի հետ՝ կրկնելով Թուրքիոյ զօրակցութիւնը ի նպաստ Պաղեստինի:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդներէն Արիս Նշան փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է համալսարանի մտից քննութիւններուն մէջ։ Ան Էսաեան վարժարանի յաջողագոյն աշակերտներէն մին եղած է եւ ինքզինք արդարացուցած է նաեւ համալսարանի մտից քննութիւններուն, որոնք բոլոր երիտասարդներուն տեսակէտէ ճակատագրական փուլ մը, բեկումնային պահ մը կը համարուին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջերս միջազգային զանազան աղբիւրներու մէջ հաղորդուած է, որ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով սահմանուած մեկուսացման պայմաններու ներքեւ աճ արձանագրած են կիներու դէմ բռնութեան դէպքերը։
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Բարձրահասակ ու հաստ ակնոցներով ծերուկը երերուն քայլերով մուտք գործեց սրահ: Մտածեցի, որ, յարկը շփոթելով, սխալմամբ մտած է մեր մօտ:
ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Տասնամեակներէ ի վեր որպէս մանկավարժ, հասարակական գործիչ ու քաղաքացի ո՛չ միայն սատար կեցած եմ բնապահպանութեան համար տարուող ջանքերուն եւ ծրագիրներուն, այլեւ գրեթէ քառասուն տարի յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած եմ, որ աշակերտներս դաստիարակեմ մեր մեծ հայրենիքի՝ Մայր Երկրագունդի պահպանութեան ուղղութեամբ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Անկեղծ պէտք է ըլլալ. Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները սպասման սենեակի մէջ նստած հիւանդի կամ սէյլզմէնի ձանձրոյթ կ՚ապրին: Այս կացութեան պատասխանատուն միշտ զգացական հայրենասիրութեամբ ապրած խայտաբղէտ եւ մաշող սփիւռք(ներ)ը չէ, այլ միացման եւ համախմբման ռազմավարութիւն իրագործելու պարտականութիւն եւ հնարաւորութիւն ունեցող Հայաստանի Պետութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տաւուշի դէպքերը արդէն կը պատկանին անցեալին։ Ճիշդ է, որ ռազմական որեւէ իրադարձութիւն կրնայ յետցնցումային իրավիճակներու յանգեցնել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմ առաջին բաղձանքս է տեսնել բոլոր աշխարհը խաղաղութեան մէջ. եւ անոր բոլոր բնակիչները որպէս խումբ մը եղբայրներու, որոնք կը մրցակցին իրարու հետ, թէ ո՛վ աւելի պիտի յաջողի նպաստելու համայն մարդկութեան երջանկութեան»։
Կեանքէն հեռացած է բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոչարեան։ Այսպէս, մահացած է բեմադրիչ, դերասան, բազմավաստակ մանկավարժ, փրոֆ. Ալեքսանտր Քոչարեան:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան «Ֆէյսպուքի» պաշտօնական էջին մէջ կ՚ըսուի, որ Քոչարեան կեանքէն հեռացած է յուլիսի 24-ին:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ պատահականութեան հիմքով կատարուած 150 հազար քննութեան արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ իւրաքանչիւր հազար հոգիի երկուքուկէսը վարակուած է քորոնաժահրով։ Այդ դէպքերու կէսը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը։
Հայաստան-Ատրպէյճան լարուածութիւնը Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Քուրանի զանազան բաժիններէն ընթերցումներ կատարեց։
Մզկիթի կարգավիճակի վերահաստատումէն վերջ պաշտամունքի վերաբացման հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը մարդուս տրուած նուէր մըն է, իսկ ժամանակը՝ այդ կեանքէն մաս մը, հատուած մը, եւ ուրեմն ժամանակն ալ պարգե՛ւ մըն է մարդուն տրուած եւ թէ թանկարժէք պարգե՛ւ մը։
Մարդկային սերունդին նախնական շրջանը կը վերջանայ, քօղ մը կը ձգուի անցեալ շրջաններուն վրայ եւ մարդի՛կ, նախկին ժամանակներ, իրենց ակնարկը կը դարձնեն այն շրջանին վրայ, երբ իրենց իրակա՛ն ծագումը կը սկսի։
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Յետմիջօրէի արեւի լուսաւոր ճառագայթ մը գետնի նաշխուն գոյներով գորգի ծայրին ինկած՝ մեր տան հիւրանոցին մէջ տաքուկ մթնոլորտ ստեղծած էր:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ներկայ տարւոյս յունիսի 11-ին լրացաւ Բարձրաշնորհ Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի ծննդեան երջանկաբեր 90-ամեակը եւ այս առիթով միասնաբար սիրով եւ գնահատանքով կու գանք ողջունելու Սրբազան Հայրը իր պատուաբեր ու բարեխնամ վաստակին ընդառաջ, մաղթելով Նորին Սրբազնութեան առողջ եւ երջանիկ տարիներ։ Ներկայիս Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն արքեպիսկոպոսն է Գերաշնորհ Վաչէ Սրբազան, եպիսկոպոս ձեռնադրուած 1967 թուին, որուն անտարակոյս վայել է պատիւ եւ երախտիք, յանուն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Րաֆֆի Աճէմեանին հետ մեր ծանօթութիւնը կու գայ վաղ 90-ականներէն։ Նոր մտած էինք «գրական ասպարէզ» կոչուած «պարտէզ»ը, որ երբեք «ասպարէզ» մը չդարձաւ ու ցագ ու ցրիւ էջեր կ՚ուղարկէինք Միացեալ Նահանգներ հրատարակուող «Բաց նամակ» հանդէսին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախակի առիթներով կարդացած էի Հայ Եկեղեցւոյ վերջին 150-ամեակի ամենէն նշանաւոր դէմքերէն՝ լուսահոգի Տէր Կարապետ Եպիսկոպոս Մկրտչեանի գրութիւնները մամուլէն: Վերջերս ալ, ի շարս անցեալին կարգ մը կարդացած գրութիւններու, նոր գրութիւններ ալ կարդացի՝ հաւաքուած հատորի մը՝ «Քրիստոնէութեան իսկութիւնը» մէջ:
Հրանդ Մատթէոսեանին նուիրուած «Արմմոնօ» 18-րդ փառատօնը կը սկսի հեղինակի «Գոմէշը» ներկայացմամբ։ Այսպէս, «Արմմոնօ» 18-րդ միջազգային թատերական փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի 1-10 թուականներու միջեւ, կը սկսի Հրանդ Մատթէոսեանի «Գոմէշը» պատմուածքի հիման վրայ բեմադրուած համանուն բեմադրութեամբ, որու բեմադրիչը եւ դերակատարը Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նարինէ Գրիգորեանն է:
Վաղը՝ մահուան տարելիցն է հայ կրկէսի նշանաւոր դերասան, ծաղրածու, մնջկատակ, Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Լէոնիտ Ենգիբարեանի: Ան մահացած է 25 յուլիս 1972 թուականին՝ Մոսկուայի մէջ, Ռուսաստան։ Լէոնիտին հայրը հայ էր, մայրը՝ ռուս:
Որոշուած է Համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու 2022 թուականի ժամանակագրութիւնը։ Այսպէս, Ֆութպոլի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՖԱ-ն հաստատած է Համաշխարհային ֆութպոլի մրցումներու 2022 թուականի ժամանակագրութիւնը։