Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՍԱՅՏԻ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, նախընթաց օր Պէյսայտի մէջ այցելեց Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Հայր սուրբը դիմաւորուեցաւ վարժարանի խնամատար մարմնի անդամներէն Նուրհան Ատարեանի եւ տնօրէնուհի Սեդա Մկրեանի կողմէ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Կոմիտաս դպրաց դաս-երգչախումբը ներկայիս կ՚ողջունէ յոբելենական շրջան մը։ Երգչախումբը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 65-ամեակը եւ կը պատրաստուի այս հանգրուանը արժեւորել յոբելենական համերգով մը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երախտիքի նուիրական զգացումով այս տարի կ՚ոգեկոչենք Հայոց առաքելապատիւ Հայրապետ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին բազմակողմանիօրէն կ՚արժեւորէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ԳՀԽ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի կացութեան եւ մանրամասնօրէն արժեւորեց առկայ մարտահրաւէրները: