ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի եւս կազմակերպեց աւանդական ճատրակի մրցաշարքը, որ 19-րդն էր իր նմաններու շարքին: Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Համայնքային ինն վարժարանէ 66 աշակերտ մասնակցեցաւ մրցաշարքին:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Եշիլգիւղի վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները, որոնց ընկերացաւ ուսուցչուհի Ժանէթ Զէյֆիեան: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Նաթան քահանայ Արապեան եւ Տ. Արսէն քահանայ Էքինճեան:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամը՝ Տ. Արամ արք. Աթէշեան այս տարի կ՚ողջունէ իր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը: Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի տնօրինութեամբ եւ հովանաւորութեամբ՝ կը նախատեսուի մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպել ի պատիւ Նորին Սրբազնութեան:
Երէկ երեկոյեան, Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի վերաբերեալ ձեռնարկ մը: Գումգաբուի ընտանիքը՝ զօրաշարժի մը համազօր պատրաստութիւններով կազմակերպած էր այս երեկոյթը, որով արձանագրուեցաւ բացառիկ յաջողութիւն:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն եւ գեղարուեստական աշխարհի վառ դէմքերէն Ալիս Մանուկեան: 93 տարեկան հասակին մահացած է հռչակաւոր սոփրանօ Ալիս Մանուկեան, որ Թուրքիոյ առաջին օփերային արուեստագիտուհին ըլլալու հանգամանքը կը կրէր:
Ցաւով վերահասու եղանք, որ «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս այս շրջանին կը գտնուի դարմանման տակ: Արդարեւ, Մայտա Սարիս քանի մը օր առաջ դժբախտ արկած մը անցուցած է:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը այս շաբաթավերջին հանդէս պիտի գայ համերգով մը՝ «Խաղաղութեան ձայներ» կարգախօսով։ Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան համալիրէն ներս, «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» աշխատանոցի երդիքին տակ երգչախումբը իրականացուց իր վերջին փորձը՝ խմբավար Շանթ Էսմէրի մականին ներքեւ։
Կեդրոնական վարժարանի ԺԱ. դասարանի աշակերտուհիներէն Էլիզապէթ Նորա Պուտաք այս շրջանին կարեւոր յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ իր շարադրութեամբ, որով մրցոյթի մը դանփեկիրը դարձած է:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն, որուն կ՚ընկերանային ճարտարապետ Նազար Պինաթլը, թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Առուշ Թաշ եւ այժմու կազմէն Արիֆ Քափլան: