Թրքահայ կեանք

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱԿՈԲՃԱՆ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Երէկ, Պալըքլըի Ազգային գերեզմանատան մէջ, մահուան առաջին տարելիցին առթիւ ոգեկոչուեցաւ՝ տիրահայր լուսահոգի Յակոբճան Մաշալեան, որ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի հայրն էր: Ճիշդ տարի մը առաջ, ողբացեալ Յակոբճան Մաշակեանի կորուստը մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս:

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շաբաթավերջին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին զուգահեռ՝ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

«ՊՈԼԻՍ ԼՈՒՍԱՏՈՒ»Ի ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

​Երէկ, երեկոյեան «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբակի ցուցահանդէսը բացուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ։

ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐՈՒ ԲԱԶՄԱՆԴԱՄ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆրանսայէն հիւրերու բազմանդամ խումբ մը։ Այցելուները ֆրանսական «Փոփիւլէր» դրամատան ղեկավարութեան դէմքերէն կը բաղկանային։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Նաթան քհնյ. Արապեան։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑՆ ՈՒ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիցներէն Անուշ Թրուանցն ու Սագօ Արեանը: Այս վերջինները քանի մը օրէ ի վեր քաղաքս կը գտնուին՝ մասնակցած ըլլալով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակին եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները:

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ կը կրէր ընտանեկան բնոյթ: Այս ճաշասեղանը կազմակերպուած էր՝ ի պատիւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեանի եւ Տ. Կորիւն աւ. քահանայ Ֆէնէրճեանի:

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ յարակից Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐՈՖ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՏԷՐԵԱՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանը։ Այս վերջինը, որ յայտնի գիտնական է, աստուածաբան, հայագէտ ու բանասէր, Իզմիրի մէջ միջազգային համագումարի մը մասնակցելու համար եկած է Թուրքիա։

Էջեր