ԵՍԹԵՐ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՍԼԱՆԵԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Երէկ, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որով անցեալի ու ներկայի խաչմերուկին արժեւորուեցաւ հաստատութեան առաքելութիւնը։
Երէկ, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որով անցեալի ու ներկայի խաչմերուկին արժեւորուեցաւ հաստատութեան առաքելութիւնը։
Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթը կը շարունակուի՝ այս նախաձեռնութեան բնորոշ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Երէկ երեկոյեան, Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցոյթի հերթական փուլը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կը շարունակէ համայնքային զանազան շրջանակներու զօրակցութեան առարկայ դառնալ։ Այսպէս, վերջերս դպրոցին ի նպաստ կազմակերպուեցաւ խեցեգործութեան աշխատանոց մը, որ ընկերային զօրակցութեան եւ պատասխանատուութեան դրական օրինակ մըն էր նաեւ համայնքային կեանքէն ներս։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած գոհաբանական Սուրբ Պատարագին։
Միջմիութենական 27-րդ գիտական մրցոյթի հինգերորդ փուլը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու «Մարալ» երգի-պարի համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ անգլիախօսութեան օր մը, որ առիթ դարձաւ, որպէսզի աշակերտները չափեն իրենց անգլերէնի իմացութիւնը։
Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակութիւնը շաբաթավերջին նշուեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր հոծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեան։
Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ եւ հիւրընկալմամբ, վերջին օրերուն կազմակերպուեցաւ ձեռնարկ մը, որ ուղղուած էր անգլերէնի գործածութեան խրախուսման: Պոլսահայ հինգ լիսէներուն առընթեր, քաղաքիս յոյն համայնքի լիսէին աշակերտներն ալ մասնակցեցան երկօրեայ այս ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին:
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Թուրքիան արդէն մտած է արձակուրդի։