Թրքահայ կեանք

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Երէկ, Գումգաբուի ընտանիքը բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ: Պէզճեանցիներու օրը բնորոշուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ՝ քանի սերունդներու տողանցքը Գումգաբուի մէջ այս տարի եւս պսակուեցաւ յաջողութեամբ:

ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Երեւման Ս. Խաչի տօնը աւանդական շուքով նշուեցաւ Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ 

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Անոնք յայտագիրը գործադրեցին հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ներկայացուցած թատերակներով, պարերով, խմբերգներով եւ արտասանութիւններով։

Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԹՈՒԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԷ ՆԵՐՍ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐԸ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքը վերջերս արժանացաւ՝ համաեւրոպական որակաւորումի մը, ինչ որ ուրախութիւն պատճառած է դպրոցի ընտանիքին։ 
2005 թուականին, Եւրոյանձնաժողովը հիմնած էր eTwinning-ը, որ քառասունհինգ երկրի մէջ կը գործէ։

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ իր անմոռանալի սաներէն՝ աշխարհահռչակ անմահ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած լուսանկարչութեան աւանդական մրցոյթը: Իր նմաններու շարքին տասնչորրորդն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր՝ մասնակցութեամբ շուրջ տասնհինգ վարժարանի:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

​Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ Հերթական համագումարի դիւանը գլխաւորեց Առէն Տատըրօղլու։

ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՃԱՏՐԱԿԻ 13-ՐԴ ՄՐՑՈՅԹԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Շաբաթավերջին պոլսահայ սանուց միութիւններու միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի մրցոյթը արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Միջմիութենական ճատրակի մրցոյթը այս տարի արդէն 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈԶՂԱՏԱՀԱՅՈՑ ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Եոզղատահայոց նորաստեղծ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը, Յակոբ Թորոսօղլուն եւ Մելքոն Սահակօղլուն:

Էջեր