Թրքահայ կեանք

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ԱՍՈՒԼԻՍ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բժշկական-առողջապահական նիւթերու վերաբերեալ ասուլիս մը։ Իր նմաններու շարքին երկրորդ այս երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։

ՏԻԳՐԱՆ ԷՕԶՊԻՒԼՊԻՒԼ՝ ՃԱՏՐԱԿԻ ՆՈՐԱՀԱՍ ԱՍՏՂԸ

Մեր համայնքէն ներս հասակ կ՚առնէ ճատրակի խոստմնալից աստղ մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի դառնայ ութ տարեկան։ Ան Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտներէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլն է։

ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գարակէօզեանի «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցներու մասնակիցները Ամանորը դիմաւորեցին խրախճանքով մը։ Վերջին շուրջ երեք ամսուան ընթացքին աշխատանոցներու ծրագրին մասնակից եօթ տասնեակ փոքրիկներ մասնակցեցան այս խրախճանքին, անոնց միացան նաեւ ութ չափահասներ։

ԱՒԵՏԻՍ ԵՒ ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒՄ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պատարագեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Թրքահայութիւնը ուրախութեամբ տօնախմբեց Սուրբ Ծնունդը: Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին հնչեցին դրական պատգամներ: Նորին սրբազնութիւնը օրհնուած նուռեր բաժնեց բոլոր ներկաներուն:

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՄՈՒՐՔԷՍԷՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ օրուան երկրորդ կէսին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի համակրելի ու յարգուած անուններէն Վարդան Համուրքէսէն։ Ան երկար ատենէ ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ։

ԱՄԱՆՈՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան մատոյց տարուան անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿԱՂԱՆԴԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ կազմակերպեց խրախճանք մը։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան «Մարալ»ի թէ՛ բուն եւ թէ մանկապատանեկան կազմերու անդամները։

Էջեր