Թրքահայ կեանք

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Խաչվերացի տօնին առթիւ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ, շաբաթավերջին Սկիւտարի բարձունքի մեր այս պատմական եկեղեցին դարձաւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ժամադրավայրը։

ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։

KAMUOYUNA DUYURU

17.09.2017 Pazar günü itibari ile sosyal medyada Narlıkapı Surp Hovhannes Kilisemizin adı kullanılarak gündeme getirilen münferit olayda Kilisemizin Yönetimini suçlar ve başıboş izlenim verilmesi tarafımızca kabul edilemez.

ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքարանի մէջ այս Չորեքշաբթի դարձեալ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի գործունէութեան նոր հունը որոշելու համար:
Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն՝ հաշուի առնելով, որ անոնք պիտի առընչուին Պէյքոզի միջոցներու արժեւորման հեռանկարներուն հետ:

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ

Հանգստեան կոչուած պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած հովուատան բազմանպատակ համալիր՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ  հարեւանութեամբ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան հանդիսապետեց օրհնութեան կարգին: Ներկայ էին պաշտօնական հիւրեր եւ մեր համայնքէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական Տեղապատ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։ Գումգաբու տուած այցելութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառին ընկերացան Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐ ՄԿՐՏԻՉ ԱՐԾԻՒԵԱՆ ԵՒ ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ԽԱՌՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ

Թուրքիոյ հրեաներու «500-ամեակի» հիմնարկէն ներս ներկայիս տեղի կ՚ունենայ ցուցահանդէս մը։ «Komşu Kapısı Can Kapısı» անուանեալ այս խառն լուսանկարչական ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են նաեւ մեր համայնքէն երկու յայտնի անուններու գործերը։

ԴԻՄԱԳԾԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանի գլխաւորութեամբ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ Պատրիարքարանի մէջ:
«Յովակիմ 1461» հիմնարկին համար կը նախատեսուի աշխարհականներու մասնակցութեամբ ղեկավարման նոր դրութիւն մը՝ համայնքի նոր խմորումներու լոյսին տակ:

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՐԻՍՊՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ՝ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայիս յառաջ կը տարուին վերանորոգման աշխատանքներ։ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Զատիկ Թոքէր մեզի յայտնեց, որ եկեղեցւոյ պարիսպները, արտաքին պատերը ամբողջութեամբ կ՚ամրացուին ու կ՚ենթարկուին բարենորոգութեան։

ԱՆՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼԻ ՓԱԿՈՒՂԻ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ անկիւնադարձային խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին ջուրի երես եկան պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս դժբախտաբար յառաջացած լուրջ խցանումները, որոնք դարձեալ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր եւ ինքնաբերաբար կ՚իմաստազրկեն մինչեւ տարեվերջ քուէարկութեան մասին միջոց մը առաջ հրապարակուած ժամանակացոյցը։
Ժողովի ընթացքին վերջնականօրէն համայնքի օրակարգին վրայ տեղ գտաւ, որ պատկան իշխանութիւնները ներկայիս կը պահանջեն նախաձեռնարկ մարմնին լուծարումը: 30 օգոստոսի տօնական ընդունելութեան համար պետութեան կողմէ աթոռի անտեսման խնդիրն ալ բուռն քննարկումներու առարկայ դարձաւ: Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած կացութիւնը դուռ կը բանայ անորոշութեան եւ սպասման նոր շրջանի մը, որու պայմաններուն ներքեւ ընտրութեան հեռանկարը կ՚ենթարկուի կասկածի։
Պետրոս Շիրինօղլու մասնաւորապէս ներկայացուց իրեն փոխանցուած պատգամներ։ Ժողովականները միանշանակ դիրքորոշում մը չկրցան որդեգրել առկայ իրադարձութիւններու պարագային։

Էջեր