SEV-Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ
SEV վերջերս գումարեց իր հերթական ընդհանուր ժողովը։ Հիմնարկի կեդրոնատեղիէն ներս տեղի ունեցաւ համագումարը, որու դիւանի ատենապետն էր Հերման Պալեան, իսկ ատենադպիրներն էին՝ Մկրտիչ Թիմուրճուօղլու եւ Հապիպ Էօզֆուրունճու։
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Նախորդ շաբաթավերջին կազմակերպուած այս երեկոյթով ընթացաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէ ելքը յիշատակուեցաւ աւանդական շուքով։
Մխիթարեան վարժարանի 2018-2019 շրջանի ընթացաւարտները վերջերս փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առին ու բռնեցին կեանքի նոր փուլի մը ճանապարհը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ իսկապէս մեծ խանդավառութեան։ Մխիթարեան վարժարանը այս տարի ունի 9 շրջանաւարտ։
Գարակէօզեանի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ դպրոցի 2018-2019 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։ Ներկայ էին խնամակալութեան ներկայացուցիչները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Քովան, տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ուսուցչական կազմը, սանուց միութեան վարչայինները, Գարակէօզեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքները։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վերջերս, Ս. Եղիայի յիշատակութեան տօնին հոգեւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան։ Նկատի ունենալով Համաշխարհային հայրերու օրը եւ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի ծննդեան տարեդարձի զուգադիպութիւնը, մասնաւոր յիշատակութեան արժանացաւ նաեւ մեր հոգեւոր պետը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Մէրամէթճեան վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքին։ Շրջանաւարտներուն ի պատիւ դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյթ մը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քահանայ Օհանեան։