Թրքահայ կեանք

ՀԵՌԱՀԱՐ ՇԱՀԵՐ

Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու եւ փոխ-ատենապետ Սարգիս Չավուշեան երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներուն բացատրութիւններ տուին՝ նախընթաց օր Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ տեղի ունեցած կարեւոր տեսակցութեան շուրջ:
Ընտրական գործընթացը մշտական լուծումներով՝ թրքահայ համայնքի արդի կարիքներու դիմագրաւման համար: նոր որակով մը վերակազմակերպելու նպատակով կողմերը արտայայտեցին իրենց կամքը: Համակարգի զարգացման ուղղեալ աշխատանքներն ու առաջարկները սեղանի վրայ պիտի դրուին յառաջիկայ արձակուրդի օրերէն վերջ:

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Տնօրէն խորհուրդի անդամներուն առընթեր ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի ատենապետ Արի Չոլաքն ու  կարգ մը գործակից ընկերները։ Յանձնախումբի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

ԽՈՍՐՈՎ ՔԷՕԼԷԴԱՒԻԹՕՂԼՈՒ ԵՒ ՍԱՐԳԻՍ ՉԱՎՈՒՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրական գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ։ Ներկայիս պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի պատրիարքական ընտրութեան համար կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Նախաձեռնարկ մարմինը արդէն Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ պետութեան դիմում կատարած է՝ պահանջելով ընտրական կանոնադրութեան մը ուղարկուիլը։ Այդ դիմումը յառաջիկայ շրջանին պիտի արժեւորուի Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՆ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐԸ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման խանդավառ արարողութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր մարզական փառատօն մը։

ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան անդամները։ Ատենապետ Կարօ Համամճեանի կողմէ գլխաւորուած թաքսիմցի վարչայինները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ՄԻՒՖԹԻԻՆ

​Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ միւֆթի Մեհմէտ Էմին Մաշալըին։ Նորին սրբազնութեան կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

 

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՊՈՒՐԿԱԶ ԿՂԶԻ

Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուաննիս յունաց եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ։ Այսպէս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան իր հետն ունենալով Տ. Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեանը, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութը եւ ուխտաւորաց խումբ մը, հովուական այցելութիւն տուաւ դէպի Պուրկազ կղզի։

Էջեր