ՓՈՔՐԻԿՆ ԱԼԻՍԻԱՆ ԿԸ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐԷ ՍԻՐՈՅ ԳԱՂԱՓԱՐԸ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
«Սէր»ը տիեզերքի մեծագոյն գաղափարներէն մին է, որուն մասին մտածելը միայն ու միայն մարդկութեան տրուած շնորհք մըն է։ Բնութեան մէջ առհասարակ կարելի է նկատել, թէ շնչող եւ ապրող իւրաքանչիւր կենդանի, իրեն համաձայն սիրոյ արտայայտութիւն մը ունի, բայց միայն մարդն է, որ կը տեսնէ այս բոլորը, երբեմն կը մտածէ իր տեսածներուն մասին եւ ի վերջոյ կը ջանայ այս բոլորը՝ անձնական զգացումներուն ու փորձառութիւններուն միացնել։