Թրքահայ կեանք

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐՄԱՇԱԿԱՆ ՂԵՒՈՆԴ ՎՐԴ. ԴՈՒՐԵԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԸ. «ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ»

Պատրիարքական Աթոռոյս «Արմաշ» մատենաշարէն, որպէս տասնեւերրորդ հատոր լոյս տեսաւ Արմաշական հայրերէն Ղեւոնդ Վրդ. Դուրեանի (ապա Արքեպսկ.) «Մկրտութեան խորհուրդը» խորագրեալ աւարտաճառը։
Սրբազան հեղինակը ընծայարանի ուսումէն ետք, գրի կ՚առնէ սոյն աշխատասիրութիւնը, որու աւարտին, կը ստանայ վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն։

ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները յաջող ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

ԳՐԻ­ԳՈՐ Ա­ՒԱԳ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ՏԱ­ՄԱ­ՏԵԱՆ

Ամէն անգամ որ Ամանորի սեմին կը հասնինք, կ՚անդրադառնանք, թէ ժամանակը որքան արագ ընթացած է։ Մանաւանդ մանուկներ կը խանդավառուին Կաղանդ պապուկի ակնկալութեամբ։ Ակնկալութիւն՝ ընդհանրապէս անակնկալներով լեցուն նուէրներու տոպրակի բացման։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն, որ ներկայ տօնական շրջանին կը պայմանաւորէ Գատըգիւղի ամբողջ ընտանիքի տրամադրութիւնը։ Իրականութեան մէջ ամբողջ դեկտեմբեր ամիսը վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ջանքերով նախապատրաստական շրջանի մը վերածուած էր, իսկ վերջին օրերուն հրճուանքը հասաւ գագաթնակէտին։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կաղանդի հանդէս մը, որու ընթացքին փոքրիկները մեծ խանդավառութիւն ապրեցան Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ։ Օրուան տեւողութեան դպրոցէ ներս ստեղծուեցաւ խրախճանքի մթնոլորտ մը։

Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական տօնակատարութիւնը։ Այս առթիւ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ համախմբուեցան հոգաբարձութեան անդամները, բժշկապետը, հաստատութեան յարակից յանձնախումբերու անդամները, բժշկական կազմը, մասնագիտական անձնակազմը, մնայուն բնակիչներն ու պաշտօնէութիւնը։

Էջեր