Թրքահայ կեանք

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարչայիններ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, փոխ-ատենապետ Նայիլ Թոփլայըճը, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու, որ ներկայիս թաղային խորհուրդի մշակութային նիւթերու գծով խորհրդականն է։

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութեան անդամուհիները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Դեկտեմբերի 15-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնը եւ Ալթըմէրմէրի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն է։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուեցան՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ուրախառիթ էր, որ այս հանգանակութեան առիթը արդարացաւ եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ յայտարարուած պիւտճէին բացը հաւասարակշռուեցաւ ամբողջութեամբ։

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Ամանորի ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ տօնավաճառ մը, որ տեղի ունեցաւ Բանկալթիի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ։ Շաբաթավերջին այս ձեռնարկը համախմբեց մեր համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր եւ Շիշլի մարզակումբի համակիրներ։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԳՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ գրականութեան հսկաներէն Վահան Թէքէեանի ձօնուած ձեռնարկ մը։ Թարգմանչաց տօնի շրջանին համար նախատեսուած էր այս երեկոյթը։

ԱՒՍՏՐԻԱՅԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Աւստրիոյ Վիեննա քաղաքէն աստուածաբաններու եւ պատմաբաններու խումբ մը նախընթաց օր այցելեց Պատրիարքարան, ի բացակայութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցաւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ 24 նոյեմբեր, Ուսուցչաց օրը: Մխիթարեան հայրերու, վարժարանի վարչայիններու, ուսուցչաց կազմի եւ ծնողներու ներկայութեամբ կայացած հանդէսին աշակերտները իրենց ինքնաբուխ ելոյթներով գիտցան կրկին սիրտերը գրաւել իրենց թանկագին ուսուցիչներուն:

Էջեր