Թրքահայ կեանք

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

​Երէկ Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Էսֆեսթ» փառատօնը, որ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան համայնքային միւս լիսէներու աշակերտութիւններէն ներկայացուցիչներ։

ԳԻՐՔԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

​«Փարոս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական գիրք մը, որով ներկայացուած է շարժանկարի յայտնի բեմադրիչ Արամ Կիւլեիւզի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Գիրքի հեղինակն է Պերճուհի Պէրպէրեան։ Երէկ, Ճիհանկիրի «Ճաշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որուն մասնակցութիւն բերին թրքական շարժանկարի աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Մանկապարտիզպանուհիներ Մարգրիտ Աւագեանի եւ Նոնա Յարութիւնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին խմբերգներ, պարեր ու մանաւանդ հիանալի արտասանութիւններ։

ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

​Գումգաբուի ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդիսութեան առթիւ։ Թաղի համանուն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները, Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն, տնօրէնուհի Թալին Նայիր, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ խանդավառութեամբ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, աշակերտներու ծնողները եւ այլ հիւրեր։

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

​Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Դասարանի ուսուցչուհի Ժաննա Մելքոնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը։

«ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏ ՄԵՐ ՍՐՏԻ ԽՈՐՔԷՆ»

​Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանաստեղծութեան երեկոյթ մը։ «Փունջ մը գեղարուեստ մեր սրտի խորքէն» խորագրեալ այս երեկոյթին ընթացքին լիսէի աշակերտները հայերէն եւ թրքերէն բանաստեղծութիւններ ներկայացուցին։

ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿՈՎ ՄԸ

​Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան 2016-2017 կրթական շրջանի արտադասարանային գործունէութիւններու արդիւնքները։ Խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան Շիշլիի կրթական տնօրէնութենէն Էրթան Տեմիրթաշ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան այս առաւօտ հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազաններն ու պատուիրակութեան անդամները մասնակցութիւն կը բերեն եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին, որ պիտի սկսի վաղը: 

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հոգեգալստեան տօնը այս տարի եւս աւանդական շուքով նշուեցաւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն:
Արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ յոյս յայտնեց, թէ մինչեւ տարեվերջ կը լուծուին համայնքի առկայ հարցերը:

Էջեր